Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին՝ Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, օրուան պատգամը փոխանցեց, մանուկները օրհնեց եւ աւանդական թափօրը գլխաւորեց Լաւալի «Bon-Pasteur» եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Սեղանին սպասարկեց Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ...

            Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան հոգեւոր առաքելութեամբ մեկնեցաւ Ուինզըրի նորահաստատ «Սբ. Ստեփանոս» համայնք, Ս. Պատարագ մատուցանեց, Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի «Սբ. Ստեփանոս» համայնքի հաստատման Գիրը ընթերցեց, յաւուր պատշաճի օրուան պատգամը փոխանցեց, մանուկները...

ԽՈՐ ՎԻՐԱՊԷՆ ՃԱՌԱԳԱՅԹՈՂ ՀԱՒԱՏՔԻ, ՍԻՐՈՅ, ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ԵՒ ԱՂՕԹՔԻ ՃԱՄԲՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱՆՔ ԴԻՄԱՒՈՐԵԼՈՒ  ՔՐԻՍՏՈՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ   Յայտարարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը     Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն, Մեծ Պահոց 34-րդ օրը յիշատակն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքին։ Աշխարհացրիւ հայոց զաւակները ամէնուրեք յարգանքով կը յիշեն հայոց ազգի պաշտպան եւ...

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ -ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՆՈՒԱԳԱԽՄԲԱՅԻՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿ՝ ՁՕՆՈՒԱԾ ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՉԱՐԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՕԾՄԱՆ 35-ԱՄԵԱԿԻՆ                Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, համագործակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմին եւ «Orchestre Symphonique de Laval»ի, Մոնմորանսի գոլէճի «André-Mathieu» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հոգեւոր Հայաստան» համանուագային հանդէսը, նուիրուած...

ՈՒԻՆԶԸՐԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՕԺՏՈՒԵՑԱՒ «Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ» ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՈՎ           24 Մարտ 2019-ը Ուինզըրի հայութեան համար եղաւ պատմական ու անկիւնադարձային օր մը, երբ պաշտօնապէս հիմը դրուեցաւ ծխական նոր համայնքի մը, որ կոչուեցաւ «Ս. Ստեփանոս» եկեղեցական ծխական համայնք անունով: Արդարեւ, Կիրակի 24 Մարտի յետմիջօրէին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ....

Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Չորեքշաբթի, 20 Մարտ, 2019-ի երեկոյան ժամը 8:00-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-հաւաքոյթ մը ի պատիւ Պրն. Վարուժան Լափոյեանին՝ որպէս Օնթարիոյի պատուակալ հիւպատոս նշանակումին: Նշենք, որ Պրն. Լափոյեանը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» է եւ ՀՕՄ-ի Երկրրդական...

  «Մենք պարտաւոր ենք հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն» Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը             Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առաւ Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած «Երիտասարդական Լուսարձակ»ի հանդիպումը, որ կը կրէր «Հիմա Է Մեր Ժամանակը, Եկէ՛Ք Զրուցենք» խորագիրը: Հանդիպման առաջին...

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Թորոնթոյի Մէջ Ս. Աստուածածանայ Վերափոխաման Տօնին առիթով

Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2017-ին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան անդամներուն այցելեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցի։ Նոյն երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ձեռնադրութիւններ՝ Դպրաց եւ Կիսա-սարկաւագներու յընթացս Վերափոխման տօնին առիթով տեղի ունեցող ժամերգութեանց։ Կիրակի առաւօտ, Թեմակալ Առաջնորդը պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք։ Նոյն շաբաթավերջի ընթացքին, Ազգային Վարչութիւնը գումարեց իր լիագումար ժողովը եւ հանդիպում ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւիյ Հոգեւոր Հովիւին եւ օգնականին ու եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներուն հետ։
If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us