Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը Կը Վերահրատարակէ «Իմ Աղօթագիրքս» Գրքոյկը

            Հրամանաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մեկենասութեամբ Տէր Եւ Տիկին Զարեհ Եւ Վիգի Պապիկեան ամոլին, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը վերահրատարակեց Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանի «Իմ Աղօթագիրքս» գրքոյկը, որ մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն, հայրապետներուն եւ աղօթասաց վարդապետներուն սրտի խորքերէն բղխած աղօթքներու ծաղկաքաղ մըն է, յատուկ բոլոր տարիքի հաւատացեալներուն, կեանքի բոլոր պայմաններուն ու բոլոր պահերուն համար նախատեսուած:

            Սոյն գրքոյկը վերահրատարակուեցաւ  բարերար ամոլին վաղամեռիկ դստեր Նանիկ Պապիկեանի յիշատակին:

            Գրքոյկը կը բացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «Աղօթենք Հաւատքով» յորդորականով, որուն մէջ Հայրապետը կը նշէ աղօթքի կարեւորութիւնն ու բարերար ազդեցութիւնը հաւատացեալի կեանքին մէջ, շեշտելով, որ «Աղօթքը աստուածային ճշմարտութիւններով ու երկնային արժէքներով մարդու կեանքը սնուցանող, անոր ճամբան լուսաւորող, անոր անձը պայծառակերպող աստուածային կենսատու ուժ է: Առանց աղօթքի մեր կեանքի ճամբան պիտի խաւարի ու մենք պիտի հեռանանք Աստուծոյ ներկայութենէն»: Վեհափառ Հայրապետը նախաբանը կ’աւարտէ յորդորելով՝ մի՛շտ աղօթել ու աղօթել հաւատքո՛վ ու յոյսո՛վ։

Գրքոյկը կազմուած է չորս մասերէ: Առաջին բաժինը՝ Հայց. Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ «Զղջում»ն ու «Հաւատամք»ն է, երկրորդ բաժինը՝  աղօթքներ Աստուածաշունչի ընթերցումէն ետք, երրորդը՝ գործնական աղօթքներ ամէն առիթի համար, իսկ չորրորդ բաժինը՝ Հոգեւոր Խորհրդատուն, որ Աստուածաշունչ Մատեանէն ճշդուած գլուխներու ցանկ է, կեանքի բոլոր իրավիճակներուն առնչուող:

           

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us