ՏԻԱՐ ԺՈԶԷՖ ՓՕԼԱՏԵԱՆ 1886 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԱՐԾԱԹԵԱՅ ԽԱՉՈՎ ՀՆԱՏԻՊ ՄԱՇՏՈՑ ՄԸ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ

ՏԻԱՐ ԺՈԶԷՖ ՓՕԼԱՏԵԱՆ 1886 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԱՐԾԱԹԵԱՅ ԽԱՉՈՎ ՀՆԱՏԻՊ ՄԱՇՏՈՑ ՄԸ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ

 

            Շաբաթ, 14 Մայիս 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Գէմպրիճի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տիար Ժոզէֆ Փոլատեանին:

            Տիար Փոլատեան այցելութեան նպատակն էր՝ արծաթեայ խաչով հնատիպ «Մաշտոց» մը նուիրել Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Թանգարանին:

            Նշենք, որ սոյն «Մաշտոց»ը տպուած է 1886 թուականին, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Պատրիարքական Աթոռի տպարանին մէջ:

            Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Տիար Փոլատեանը, նշելով, որ «Կիլիկիա» թանգարանը պիտի հարստանայ պատմական նշանակութիւն ունեցող հնատիպ նոր գրքոյկով մը:

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us