ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ ՏԱՐՕՆ ԵՒ ՏԱԹԵՒԻԿ «ԱՂԱՒՆՈՅ ՎԱՆՔ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԻՆ

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Հայեցի Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Ուրբաթ, 27 Մայիս 2022-ի երեկոյեան, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տարօն եւ Տաթեւիկ «ԱՂԱՒՆՈՅ ՎԱՆՔ» մանկապատանեկան գիրքի շնորհահանդէսը։

Նշենք, որ սոյն գրքոյկի պատմութեան յղացումը կը պատկանի Վահագն Գարագաշեանին, ներշնչուած՝ Յովհաննէս Թումանեանի համանուն բանաստեղծութիւնէն, իսկ նկարազարդումը՝ Սիլվա Խաչերեանին:

Բոլոր սերունդներուն, բայց մանաւանդ մեր աշակերտներուն համար դաստիարակչական բովանդակութեամբ այս հատորը, իր ներդիրին ունի նաեւ նոյն բովանդակութեամբ ու նկարազարդումներով պատրաստուած մանկական շարժապատկեր մը, որ պատրաստուած է Հայաստան, մեկենասութեամբ՝ «Մանուկ Չուխաճեան» ընտանեկան հիմնադրամին: Շարժապատկերին մէջ Տաթեւիկին ձայնը կը մարմնաւորէ Արազ Չարեանը, իսկ Տարօնին ձայնը՝ Ռուբէն Գարայեանը:

Հանդիսութեան մանրամասնութիւնները տեսերիզին մէջ։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us