Ուրբաթ, 17 Յունիս 2022-ի յետմիջօրէին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ներկայ գտնուեցաւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Գոլոլեան» Նախակրթարանի 8-րդ դասարանի ամավերջի եւ վկայականաց բաշխման հանդիսութեան եւ իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ'ընկերանար Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական...

            Յունիս 11-ի շաբաթավերջին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ներկայ գտնուեցաւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ «Վ. եւ Ա. Սարաֆեան» Նախակրթարանի եւ «Բաստրմաճեան» Երկրորդական Վարժարանի ամավերջի եւ վկայականաց բաշխման հանդէսներուն եւ իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն:             Երկուստեք, Առաջնորդ...

  Հովանաւորութամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանին, Կիրակի, 12 Յունիս 2022-ին, Լաւալի Հայ Կեդրոնի «Պարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Գէորգ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ամավերջի հանդէսը: Ներկայ էին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գէատայեանը, Հոգաբարձութեան ու...

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Հայեցի Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Ուրբաթ, 27 Մայիս 2022-ի երեկոյեան, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տարօն եւ Տաթեւիկ «ԱՂԱՒՆՈՅ ՎԱՆՔ» մանկապատանեկան գիրքի շնորհահանդէսը։ Նշենք, որ սոյն գրքոյկի պատմութեան յղացումը կը...

      Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 104-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ին, Ս. Պատարագի ընթացքին Հանրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։   Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին:   Պատարագիչն էր՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբեղայ Եագուպեան: Առաջնորդ...

              Շաբաթ, 14 Մայիս 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Գէմպրիճի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տիար Ժոզէֆ Փոլատեանին:             Տիար Փոլատեան այցելութեան նպատակն էր՝ արծաթեայ խաչով հնատիպ «Մաշտոց» մը նուիրել Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Թանգարանին:             Նշենք, որ սոյն «Մաշտոց»ը տպուած է 1886 թուականին, Երուսաղէմի Սրբոց...

            Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Խաչի Երեւման տօնին առիթով, Կիրակի, 15 Մայիս 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսապետեց Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ ներկաները լիցքաւորելով Ս. Խաչի զօրութեամբ:             Ս....

            Ուրբաթ, 13 եւ Շաբաթ, 14 Մայիս 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմը  Գէմպրիճի մէջ գումարեց իր 65/22-րդ Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Ազգային Երերեսփոխաններու մեծամասնութեան եւ ներկայութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան...

            Հրամանաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մեկենասութեամբ Տէր Եւ Տիկին Զարեհ Եւ Վիգի Պապիկեան ամոլին, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը վերահրատարակեց Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանի «Իմ Աղօթագիրքս» գրքոյկը, որ մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն, հայրապետներուն եւ աղօթասաց վարդապետներուն սրտի խորքերէն բղխած աղօթքներու...

           Ուրբաթ, 29 Ապրիլ 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը արուեստագէտ Եղիա Պէքմեզճեանի: Տիար Պէքմեզճեան Ազգային Առաջնորդարան կ'այցելէր՝ 1902 թուականի արտադրութեան մասնատուփ մը նուիրելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին, ի յիշատակ իր...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us