Ամէն տարի երախտագիտական զգացումնեորով յարգանքի օր մը կը նուիրենք մայրերուն՝ իրենցանհուն սիրոյ, անսակարկ նուիրումի, զոհողութեանց ու ծառայութեանց համար։

 

Մայրերը որպէս Աստուածարարչութեան գործակիցները՝ կեանքի վերազարթօնքի ստեղծագործզօրութիւնները կը դառնան։

 

Ընտանիքի կեդրոնական եւ անփոխարինելի սիւնը իրաւ մայրն է իր՝ բոլոր ստորոգելիներով՝սրբութեամբ, ազնուութեամբ, զգաստութեամբ, լուռ աշխատասիրութեամբ, զոհողութեամբ, համբերատարութեամբ, նուիրումով եւ սիրով։

 

Կը խոնարհինք եւ յարգանք կը մատուցենք սէր ու գութ բաշխող, կեանք ու շունչ մաշեցնող, երկունք ուտառապանք յանձն առնող, նուիրեալ ու անձնազոհ մայրերուն։

 

​Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեր տօնը սիրելի մայրեր։

 

Աղօթարար՝

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ