Կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, երեքշաբթի, 28 ապրիլ 2026-ին, Գանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուածհանդիսաւոր ոգեկոչում։
Ձեռնարկը համախմբեց քաղաքական, դիւանագիտական, հոգեւոր եւ համայնքային շրջանակներուներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեան, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Անիթա Անանտ, ինքնութեան եւմշակոյթի նախարար եւ պաշտօնական լեզուներու հարցերու պատասխանատու նախարար ՄարքՄիլըր, տարբեր կուսակցութիւններու պատգամաւորներ եւ ծերակուտականներ, ինչպէս նաեւԳանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։ Ներկայ էին նաեւդիւանագիտական մարմիններու, պետական բարձրաստիճան պաշտօնէութեան, գործընկերկազմակերպութիւններու եւ գանատահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ձեռնարկը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, որմէ ետք հանդիսավար ԱրեւիկԱֆարեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց յիշողութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեանկարեւորութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց ՀայոցՑեղասպանութեան հաւաքական յիշողութեան պահպանման հրամայականը եւ նման ոճիրներուկրկնութիւնը կանխելու համաշխարհային պարտաւորութիւնը։ Գանատայի կառավարութեան անունովխօսք առին նախարարներ Անիթա Անանտ եւ Մարք Միլըր, որոնք վերահաստատեցին Գանատայիյանձնառութիւնը՝ յիշատակման, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ։ Նախարար Անանտ իր խօսքին մէջ յատկապէսանդրադարձաւ Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութեան՝ ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդի դէմգործադրուած բռնութիւնները կը շարունակուին առ այսօր։ Իրենց խօսքերու աւարտին, նախարարներըդեսպան Յարութիւնեանին նուիրեցին Գանատայի «Իրաւունքներու եւ ԱզատութիւններուԿանոնադրութեան» հայերէն օրինակը։
Տարբեր քաղաքական ուժեր ներկայացնող խորհրդարանականներ եւս փոխանցեցին իրենցպաշտօնական ուղերձները։ Գանատայի Պահպանողական կուսակցութեան անունով խօսք առաւերեսփոխան Քոնի Քոտի, իսկ Պլոք Քեպէքուայի անունով՝ երեսփոխան Ալեքսիս Պրիւնէլ-Տիւսեփփ։ Անոնցելոյթները վերահաստատեցին յիշողութեան պահպանման, ցեղասպանութեան դատապարտման եւժխտողականութեան դէմ պայքարի կարեւորութիւնը։
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ՀայոցՑեղասպանութեան զոհերու կտակած պատգամը կը շարունակէ արձագանգել մինչեւ այսօր։ Անյատկապէս մատնանշեց Արցախի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ոճիրները՝ իբրեւ ապացոյց, որցեղասպանութեան հետեւանքները տակաւին շարունակական են։ Միրաքեան ընդգծեց հայ ժողովուրդիվճռակամութիւնը՝ շեշտելով, թէ հայութիւնը, հակառակ բոլոր անարդարութիւններուն, զոհ չէ, այլ կըշարունակէ գոյատեւել, դիմադրել եւ պաշտպանել իր ինքնութիւնն ու իրաւունքները։ Ան իր խօսքիաւարտին վերահաստատեց, թէ գանատահայութիւնը, կառչած մնալով իր ինքնութեան, պիտիշարունակէ ամէն գնով պայքարիլ յանուն Հայ Դատի լուծման։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի հայրական պատգամով եւ աղօթքով։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը կրնաք լսել սեղմելով հետեւեալ կապին վրայ. https://www.facebook.com/share/v/1Av6RmSUpb/?mibextid=wwXIfr














