Սրբազան Հայրը Պարգեւատրեց Օթթաոաւյի Հայ Տարեցները Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2014-ին, Գանատայի Մայրաքաղաք` Օթաուայի մէջ, ընդ բարձր հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի եւ կազմակերպութեամբ Հ.Օ.Մ.ի «Սեւան» մասնաճիւղին, Հայաստանի Հանրապետու-թեան Դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Տարեցներու պարգեւատրում։ Ներկայ էին Պատուակալ Դեսպանն ու իր տիկինը, սոյն մայրաքաղաքին...

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց մեներգիչ Էլի Պէրպէրեան Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2014-ին, Լաւալի Հայ Աւետարանական Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ դասական եւ հայկական երգերու ելոյթ, երգեցողութեամբ եւ մասնակցութեամբ գաղութիս ծանօթ երգիչ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին։ Ներկայ էին հոգեւորականաց դասը, ազգային գործիչներ եւ մշակութասէր հանդիսատեսները։ Յիշելու արժանի է,...

Գրագէտ Տիկին Ճէհիզեան կը հանդիպի Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հետ Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2014-ի կէսօրուան ժամերուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարան այցելեց, Տիկին Իզապէլ Էսթուրնէ Ճէհիզեան ուր հանդիպեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանին հետ։ Տիկին Ճէհիզեան Մոնթրէալ ժամանած էր Ֆրանսայէն ներկայացնելու համար իր հեղինակած «Մոմիկ»...

Առաջնորդ Սրբազանը կը մասնակցի Աբգար Եպիսկոպոսի Հրաշափառին Երեքշաբթի, 25 Նոյեմեր 2014-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան ներկայ գտնուեցաւ Էջմիածնական Թեմի նորապսակ Եպիսկոպոս Գերաշնորհ Տ. Աբգար Սրբ. Եպկ. Յովակիմեանի օծման և ձեռնադրութեան Հրաշափառի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ...

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Շնորհաւորեց Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2014-ին, Երեկոյեան ժամը 7-ին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանի եւ Ազգային Քաղաքական Ժողովի Ատենապետ՝ Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեանի եւ Արժանապատիւ Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեանի, պաշտօնական այցելութեամբ ներկայ...

Տիկին Մարի Տէրոս Այցելեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր Երեքշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Մոնթրէալի Քաղաքապետարանի Տեղակալ Տիկին Մարի Տէրոս պաշտօնական այցելութեամբ հանդիպեցաւ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին, Առաջանորդ Սրբազան Հայրն ու Տեղակալ Քաղաքապետը լայնօրէն անդրադարձան Կրօնական եւ քաղաքապետական մակարդակի փոխ-համագործակցութեանց կարելիութիւններուն մասին։ Mrs. Mary Deros...

 Պատմական Ատլասի Ներկայացում Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիա-րակութեան Խորհուրդի կազմակերպութեամբ եւ ընդ հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի, Առաջնորդարանի Դահլիճէն ներս, Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2014-ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պատմական Ատլասի ներկայացումը Տոքթ. Վարդան Մատթէոսեանի դասախօ-սական սպառիչ տեղեկութիւններով Historical Atlas of Armenia Under the auspices...

10276978_758228767576127_2136080498846122912_n

Հոգեշնորհ Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան Կը նշանակուի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Հոգեշնորհ Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, նշանակուեցաւ Հոգեւոր Հովիւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Կիրակի, 16 Նոյեմբեր 2014-ին Հայր Սուրբը մատուցեց իր անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը Թորոնթոյի մէջ եւ պաշտօնապէս ստանձնեց նոյն եկեղեցւոյ մնայուն Հոգեւոր Հովիւի պաշտօնը: Աւազանի անունով՝ Գէորգ։ Ծնած՝ 13 Ապրիլ 1981-ին, Պէյրութ։ Նախնական ուսումը ստացած է Նոր-Սիսի Ազգային «Աքսոր Գասարճեան» Վարժարանէն ներս։ 1993-94 տարեշրջանին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, եւ հնգամեայ Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելով, 27 Յունիս 1998-ին, ձեռամբ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի ձեռնադրուած է Կիսասարկաւագ։ 21 Մայիս 2000-ին, ձեռամբ Գերշ. Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի ձեռնադրուած է Սարկաւագ։ 2002-ին, յաջողութեամբ աւարտելով աստուածաբանական-հայագիտական քառամեայ Ընծայարանի բաժինը, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ որպէս Սարկաւագ, 2 տարի Դպրեվանքէն ներս ստանձնած է Տեսուչի օգնական պաշտօնը։
If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us