28 Dec Don Sourp Sdepanosi 2016
ՏՕՆ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻ Ամէն տարի Դեկտեմբեր ամսուն կը կատարենք յիշատակը առաքեալ եւ նախավկայ Քրիստոսի՝ Ս. Ստեփանոսի։ Անոր՝ որ Քրիստոսի սուրբ արեամբ մկրտուեցաւ որպէս նախասարկաւագ եւ առաջին վկայ Քրիստոսի։ Անոր՝ որ քարկոծումը յանձն առաւ եւ անմահներու բնակարանը փոխադրուեցաւ։ Անոր՝ որ մահուան մէջ անգամ իր փրկչին նմանեցաւ...