ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԵՏ 40-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 40-ամեակին առթիւ, Շաբաթ, 6 Յունուար 2024-ին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ յոբելենական ճաշկերոյթ, Գէմպրիճի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան եւ եկեղեցւոյ մօտ ներկայացուցիչ Տիկին Արփի Աշքարեան։

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Պրն. Սեպուհ Կապաճուզեան եւ յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ողջունեց ներկաները։ Ապա, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան փոխանցեց ողջոյնի իր խօսքը եւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ ընթերցէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Կոնդակը՝ նուիրուած եկեղեցւոյ 40-ամեակին։

Այս առթիւ, Ազգային Առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» շքանշանին արժանացան՝ Անահիտ Ասատուրեան, Սօսի Ասատուրեան, Յակոբ Գասամանեան, Սարգիս Դաւիթեան, Ծերոն Թիթիզեան, Խաչիկ Թիթիզեան, Մանաս Ղազարեան, Կարպիս Հանէշեան, Յասմիկ Հանէշեան, Նազիկ Հանէշեան, Լուսին Մարտիրոսեան, Ճորճ Մարտիրոսեան, Խաժակ Պօղոսեան, Արմէն Փօլատեան, Սիլվա Փօլատեան եւ Մարօ Քէլէշեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան գիրով գնահատուեցան՝ Կարինէ Գարաեագուպեան, Զուարթ Թիթիզեան, Կարպիս Կարապետեան, Մարլէն Կարպուշեան, Յարութ Կարպուշեան, Գարոլին Անսուրեան Կուկլիյէմի, Զարա Քելեան եւ Գրիգոր Վեսոյեան։

Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ գնահատեց բոլոր նուիրեալները՝ ըլլան անոնք բարերարներ, հոգաբարձուներ, Ազգային Երեսփոխաններ, Ազգային Պատգամաւորներ եւ կամաւորներ։

​Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ:

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us