ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԻՐԸՆՏԻՐ ՀՈԳԱԲԱՐՁԱԿԱՆ ԿԱԶՄԻՆ

Չորեքշաբթի, 31 Յունուար 2024-ի երեկոյեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց այցելութիւնը Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի եւ Եկեղեցւոյ նորընտիր հոգաբարձական կազմին։

 

Այցելութեան ներկայ էր Ազգային Վարչութեան կազմը։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Հոգաբարձութեան նորընտիր կազմի անդամներուն եւ բարի ծառայութիւն մաղթեց անոնց։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us