ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳՐԱՅԻՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, բարեխնամ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, տեղի պիտի ունենայ «Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» (ՀԵՍԳՈ) տարրական դասընթացք, սկսեալ 7 Փետրուար 2024-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» դահլիճէն ներս։

«Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» տարրական դասընթացքը, որուն վարիչն ու դասախօսն է Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, իւրայատուկ ծրագիր մըն է, որ կը միաձուլէ սուրբ գրային եւ տեսական աստուածաբանութեան մօտեցումները։

Դասընթացքի ընթացքին պիտի կիրարկուի Սուրբ Գրային սերտողութեան մակածական մեթոտը, կեդրոնանալով Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ տեսակէտներուն վրայ։ Դասընթացքին նպատակն է՝ Սուրբ Գրային եւ Աստուածաբանական ուսուցումները առընչել մեր առօրեային։

ՀԵՍԳՈ-ն կ՚ընդգրկէ նիւթերու լայն ծաւալ մը, ներառեալ՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Աստուածաշունչ Սուրբ Մատեանը, Աստուծոյ Գոյութեան Հարցը, Սուրբ Երրորդութիւնը, Քրիստոսի Անձը, Սուրբ Հոգին, Քրիստոսի Եկեղեցին, Վերածնունդ, Քրիստոսի Հրաշագործութիւնները։

Այս դասընթացքը բացառիկ առիթ մըն է այն երիտասարդներուն համար, որոնք կ՚ուզեն խորացնել Հայ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն մասին իրենց ծանօթութիւնը։ Ծրագիրը կը միտի մասնակիցներուն հայթայթել Սուրբ Գրային հիմերու վրայ Հայ Եկեղեցւոյ Ուղղափառ ուսուցման համապարփակ ընկալումը։

Կը հրաւիրենք երիտասարդները (18-39 տարեկան) մասնակցելու համար ինքնութեան հետազօտումի եւ հոգեւոր աճումի այս ուղեւորութեան։

Դասընթացքին արձանագրուելու համար կարեւոր է հեռաձայնել եւ կամ գրել Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանին, 514-515-1198 թիւին, մինչեւ 1 Փետրուար 2024:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us