Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

«Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ ՎԱՐՔՆ ՈՒ ՏԻՊԱՐԸ ՊԷՏՔ Է ՆԵՐԹԱՓԱՆՑԷ

ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅ ՄՕՐ ՍՐՏԻՆ ՈՒ ՀՈԳԻԻՆ ՄԷՋ»

 

            Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ի շաբաթավերջին, եղաւ Թորոնթոյի հայ համայնքին հետ, հանդիսապետեց եկեղեցական արարողութեանց, Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց, Աստուածամօր վարքն ու առաքինութիւնները վեր առնող պատգամ մը ուղղեց, այնուհետեւ, նոր օրհնուած Սրբալոյս միւռոնով ջրօրհնէք ու մատաղօրհնէքի եւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւնները կատարեց:

            Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ անդրադառնալով Աստուածամօր առաքինութիւններուն եւ անոր առաքելութեան, ըսաւ, որ Մարիամ Աստուածածին, իր հնազանդ ու առաքինի նկարագիրով, Աստուծոյ կողմէ շնորհքի արժանացաւ: Գաբրիէլ հրեշտակին կողմէ աւետումի պահուն, Աստուածամայրը ապացուցեց որ Աստուծոյ հնազանդ ու առաքինի աղախինն է, որ եղաւ Աստուածորդւոյն գուրգուրացող մայրն ու դաստիարակը, կեանքը կերտեց խոնարհութեամբ ու աղօթքով, ու իբրեւ վարձատրութիւն՝ արժանացաւ աստուածային շնորհքներու: Աստուածամայրը եղաւ կիներու մէջ օրհնեալ, եղաւ հայ մօր նկարագրի կերտման տիպար օրինակը, իսկ հայ մայրը սիւնն է մեր ընտանիքին, եւ ինչպէս որ Մարիամ Աստուածածին Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ երկինք համբարձումը մնաց անոր կողքին, մեր մայրերն ալ, անոր օրինակին հետեւելով, իրենց զաւակները պէտք է առաջնորդեն Աստուծոյ երկիւղով, ազգային ոգի ներշնչեն անոնց, հոգ տանին անոնց առաքինի վարքով աճումին:

            Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց, որ Աստուածածինը կոչուած է լոյսի խորան, անթառամ ծաղիկ, մարմնատեսիլ քերովբէ, Աստուծոյ տաճար, որոնցմէ իւրաքանչիւրը խորհուրդ մը կ’արտայայտէ եւ լոյս կը սփռէ անոր նկարագրային գիծերուն վրայ: Ան տիպար մըն է հնազանդութեան, խոնարհութեան, համբերութեան, ծառայութեան, ներողամտութեան ու մանաւանդ սիրոյ:    

            Անդրադառնալով 1 Յուլիս 2022-ի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան, որ կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Սրբալոյս Միւռոնը մեզի ցոյց կու տայ Տիրոջ շնորհքները եւ Ս. Հոգիի զօրութիւնը: Անիկա մեզ կը տոգորէ Աստուծոյ սրբագործող ներկայութեամբ. երբ հաւատքով լեցուած վկաները ըլլանք ջրօրհնէքին, Տիրոջմէ հայցենք թողութիւն, բժշկութիւն, ֆիզիքական ու հոգեկան սրբութիւն, որպէսզի բոլորս ապրինք վերանորոգութիւն եւ վերածնունդ: Թող օրհնուած ջուրը մեզ զօրացնէ եկեղեցւոյ ու ազգի մեր նուիրեալ ծառայութիւններուն մէջ, որպէսզի կարենանք մեր իւրայատուկ ինքնութիւնն ու հաւատքը ամուր պահել, զանոնք փոխանցելով ապագայ սերունդներուն:

            Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծ համայնքը, Հոգեւոր Հովիւներն ու Հոգաբարձութեան անդամները, եւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

            Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ խաղողի ու մատաղի օրհնութիւն, ինչպէս նաեւ Սրբալոյս Միւռոնով ջրօրհնէք: Այս արարողութեամբ, գաղութիս հաւատացեալները հաղորդակից դարձան ամիս մը առաջ տեղի ունեցած միւռոնօրհնէքին եւ մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդներուն հետ:

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us