ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ԵՒ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆՆ ՈՒ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ

Խաչվերացի տաղաւար տօնին, Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նաւակատիքին, ինչպէս նաեւ Մուսա Լերան յիշատակի տօնին առիթով, Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, յաւուր պատշաճի իր պատգամը փոխանցեց, նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնով Ջրօրհնէք եւ Մատաղի օրհնութիւն կատարեց, Գէմպրիճի ու շրջակայից՝ Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին պարգեւելով հոգեպարար պահեր:
 
​Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ Սրահին մէջ։ Ս. Խորանին ծառայեցին Ս. Նշան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Վիգէն Աւագ Քահանայ Վասիլեանը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ դպրաց ու սարկաւագաց դասի անդամները: Առաջնորդ Սրբազանին աղօթակից էր նաեւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբեղայ Եագուպեանը:
​Ս. Պատարագին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան կողքին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան եւ Վարչութեան անդամներ, երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան ու Տիկնանց յանձնախումբի անդամներ եւ գործակից միութեանց ներկայացուցիչներ:
 
​Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յիշատակեց Հայ Եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուող Քրիստոսի Ս. Խաչին նուիրուած չորս տօները, ու յատկապէս անդրադարձաւ Վերացման Ս. Խաչի տօնին ու անոր հետ առնչուած պատմական իրողութիւններուն, վեր առաւ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս անոր իմաստը եւ խօսեցաւ ժողովրդային աւանդութիւններուն մասին։ Քրիստոնեայ աշխարհին ու քրիստոնեայ եկեղեցւոյ խորհրդանիշ ու պարծանք եղող Քրիստոսի Ս. Խաչը, «Աստուծոյ անհուն սիրոյն եւ զոհողութեան խորհրհդանիշն է», ըսաւ Առաջնորդը, «որովհետեւ աշխարհը միայն անոր վրայ տեսաւ իր փրկութիւնը։ Խաչը, մեզի՝ քրիստոնեաներուս համար, ո՛չ միայն սիրոյ, զոհողութեան, այլեւ յաղթութեան խորհրդանիշ ու զէնք է։ Անո՛վ միայն կարելի է մեղքին, չարին ու մահուան յաղթել։ Քրիստոնեաներուս ձեռքին, Քրիստոսի Ս. Խաչը քաջութիւն ներշնչող զէնք է, որ կը պաշտպանէ ու կը պահպանէ երեւելի եւ աներեւոյթ բոլոր տեսակի թշնամիներէն եւ փորձութիւններէն։ Խաչը մխիթարութիւն, յոյս ներշնչող անմահ կեանքի գրաւականն է բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք երկիւղածութեամբ եւ խոր հաւատքով կը մօտենան Խաչի խորհուրդին», եզրակացուց Առաջնորդը, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ Ս. Խաչի զօրութեամբ, այսօր եւս պաշտպանէ հայ ժողովուրդը, որ կ’ապրի դժնդակ օրեր:
 
​Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադառնալով Մուսա Լերան Հերոսամարտի յիշատակութեան տօնին, նշեց, որ բուռ մը ժողովուրդ քառասուն օրեր շարունակ դիմադրեց թշնամիին, տուաւ նահատակներ, ունեցաւ մեծ կորուստներ, սակայն այսօր, հերոս ժողովուրդի ժառանգորդները հպարտութեամբ ու բարձրաճակատ կը յիշէ իր հերոսամարտը, որ մեր պատմութեան փառապանծ էջերէն մէկն է:
 
Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, գնահատանքի խօսքեր ուղղեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, հոգաբարձութեան անդամներուն, երեսփոխաններուն, Տիկնանց յանձնախումբին, դպրաց դասին եւ ամբողջ համայնքին։
 
​Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Սրբալոյս Միւռոնի կաթիլները եւ Սուրբ Խաչի զօրութիւնը հոգեւոր ցնծութեան եւ պայծառացման առիթ ըլլան մեզի համար, մաքրէ ու սրբէ մեզ մեր մեղքերէն, բժշկութիւն պարգեւէ եւ Սուրբ Հոգիով շնորհազարդէ ամբողջ հայ ազգը։
 
​Քարոզէն ետք, «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականի երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. միւռոնի հեղումով կատարեց աւանդական ջրօրհնէքի արարողութիւնը, ի նշան՝ մաքրութեան, սրբութեան ու առողջութեան: Իսկ Սուրբ Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր Հայրերը ուղղուեցան Մուսան Լերան հերոսամարտի յուշակոթողին դիմաց, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական Մատաղօրհնէքը:
 
Հաւատացեալներ մատաղէն ու Միւռոնախառն ջուրէն բաժին առնելով՝ օրուան խորհուրդով լիացած մեկնեցան իրենց բնակարանները։
 
​Նշենք նաեւ, որ Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ին, Առաջնորդ Սրբազանը, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարեց Աղօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը: Նոյն օրը, Թեմիս Ազգային Վարչութիւնը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Գէմպրիճի մէջ գումարեց իր լիակատար ժողովը։
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 


If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us