Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ ամեակին առիթով, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, համայն հայութեան հետ գանատահայութիւնը եւս յիշատակի արարողութիւններով եւ բարեխօսական ու ոգեկոչական հաւաքներով խոնարհեցաւ մեր բիւրաւոր Սուրբ նահատակներուն յիշատակին առջեւ, վերանորոգելով անսակարկելի մեր իրաւունքներուն պահանջատէրի կեցուածքն ու վերականգնելու յանձնառութիւնը։ Արդարեւ, Ապրիլ 24ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ...

  «Կեանքի Պարգեւիչը չէր կրնար զրկուած մնալ կեանքէն Եւ Կենդանութիւն Շնորհողը չէր կրնար չյաղթել մահուան ու մեղքի իշխանին» Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը Կիրակի, 21 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի եկեղեցիները պայծառացան Ս. Յարութեան տօնին կենսաւորող մթնոլորտով։ Մահուան, Խաւարին ու Չարին վրայ Քրիստոսի տարած յաղթանակի օրը՝ Ս. Յարութեան տօնը Գանատահայութիւնը առաջնորդած էր...

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին՝ Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, օրուան պատգամը փոխանցեց, մանուկները օրհնեց եւ աւանդական թափօրը գլխաւորեց Լաւալի «Bon-Pasteur» եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Սեղանին սպասարկեց Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ...

            Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան հոգեւոր առաքելութեամբ մեկնեցաւ Ուինզըրի նորահաստատ «Սբ. Ստեփանոս» համայնք, Ս. Պատարագ մատուցանեց, Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի «Սբ. Ստեփանոս» համայնքի հաստատման Գիրը ընթերցեց, յաւուր պատշաճի օրուան պատգամը փոխանցեց, մանուկները...

ԽՈՐ ՎԻՐԱՊԷՆ ՃԱՌԱԳԱՅԹՈՂ ՀԱՒԱՏՔԻ, ՍԻՐՈՅ, ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ԵՒ ԱՂՕԹՔԻ ՃԱՄԲՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱՆՔ ԴԻՄԱՒՈՐԵԼՈՒ  ՔՐԻՍՏՈՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ   Յայտարարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը     Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն, Մեծ Պահոց 34-րդ օրը յիշատակն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքին։ Աշխարհացրիւ հայոց զաւակները ամէնուրեք յարգանքով կը յիշեն հայոց ազգի պաշտպան եւ...

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ -ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՆՈՒԱԳԱԽՄԲԱՅԻՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿ՝ ՁՕՆՈՒԱԾ ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՉԱՐԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՕԾՄԱՆ 35-ԱՄԵԱԿԻՆ                Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, համագործակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմին եւ «Orchestre Symphonique de Laval»ի, Մոնմորանսի գոլէճի «André-Mathieu» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հոգեւոր Հայաստան» համանուագային հանդէսը, նուիրուած...

ՈՒԻՆԶԸՐԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՕԺՏՈՒԵՑԱՒ «Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ» ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՈՎ           24 Մարտ 2019-ը Ուինզըրի հայութեան համար եղաւ պատմական ու անկիւնադարձային օր մը, երբ պաշտօնապէս հիմը դրուեցաւ ծխական նոր համայնքի մը, որ կոչուեցաւ «Ս. Ստեփանոս» եկեղեցական ծխական համայնք անունով: Արդարեւ, Կիրակի 24 Մարտի յետմիջօրէին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ....

Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Չորեքշաբթի, 20 Մարտ, 2019-ի երեկոյան ժամը 8:00-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-հաւաքոյթ մը ի պատիւ Պրն. Վարուժան Լափոյեանին՝ որպէս Օնթարիոյի պատուակալ հիւպատոս նշանակումին: Նշենք, որ Պրն. Լափոյեանը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» է եւ ՀՕՄ-ի Երկրրդական...

Կիրակի, 17  Մարտ 2019-ի միջօրէին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ներկայ գտնուեցաւ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» եւ «Շուշի» մասնաճիւղերու կազմակերպած «Կանանց Միջազգային օր» տօնակատարութեան եւ իր գնահատանքն ու հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն: Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը դրուատեց ՀՕՄ-ի  բարեսիրական ու ազգանպաստ գործունէութիւնը, որ...

  «Մենք պարտաւոր ենք հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն» Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը             Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առաւ Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած «Երիտասարդական Լուսարձակ»ի հանդիպումը, որ կը կրէր «Հիմա Է Մեր Ժամանակը, Եկէ՛Ք Զրուցենք» խորագիրը: Հանդիպման առաջին...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us