19 Sep ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ Տ. ԳԵՂԱՐԴ Ծ. ՎՐԴ. ՔԻՒՍՊԷԿԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ ՓՐԿԱՐԱՐ ՍԱՌԱ ՔՈՐՆԻՆԿԻ ԱՐՁԱՆԻ ՔՕՂԱԶԵՐԾՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ «Սառա Քորնինկ» հիմնարկին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի, համագործակցութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Շաբաթ, 14 Սեմպտեմբեր 2019-ի կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, Գանատայի Եարմութ քաղաքի պատմութեան թանգարանի շրջափակին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Քորնինկի արձանին: Յանուն Գանատայի...