ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՏՈՒՆԻ ՎԱՐՉԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2022-ին, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Հայ Տունի Վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Տիկին Նայիրի Թաւլեանի, Սեւակ Կոստանեանի եւ Թալին Լատոյեանի։

Հանդիպման ընթացքին Հայ Տունի վարչականները Առաջնորդ Սրբազան Հօր ծանօթացուցին հաստատութեան կատարած աշխատանքներուն մասին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց հաստատութեան առաքելութիւնն ու անոնց ծրագիրները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նեցուկ ու օժանդակ կանգնելու իրենց ծառայական աշխատանքներուն։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us