Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց ԱՄՆ Քոնկրէսի կեդրոնատեղին, Ուաշինկթընի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը աղօթքով բացումը կատարեց խորհրդարանի նիստին: Խորհրդարանին կից գտնուող սրահին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոսին ի պատիւ տրուած ընդունելութեան ընթացքին, Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը խորհրդարանի անդամներու հետ։ Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ...

Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւտեան եւ Գանատայի թեմերու հանդիպումը։ Գերաշնորհ Սրբազան Հայրերուն՝ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի, Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի։ Թեմերու Ազգային Վարչութեանց դիւաններու հանդիպման ներկար էր նաեւ Մեծի...

Կիրակի, 5 Նոյեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան այցելեց Քէպէգի հայ համայնքը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանն ու Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեանը։ Ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը։ Ներկայ էին նաեւ երկար տարիներ այս...

Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահեց ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի 30-ամեակի ճաշկերոյթը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին նաեւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանն ու Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեանը։ Ինչպէս նաեւ Գանատայի...

Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր 2023-ին, Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լաւալի «Պօն Բասթէօր» եկեղեցիէն ներս։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին Սուրբ Խորանին սպասարկեցին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ...

Կիրակի, 3 Սեպտեմբեր 2023։ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի ձեռամբ օծուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի նոր պատկերը։ Արուեստագէտ՝ Ռիթա Գէորգեան։ Նուիրատու՝ տ. եւ տիկ. Արման եւ Լիւսի Պէնօհանեան։ Պատկերը՝ ի յիշատակ իրենց մեծ ծնողին՝ Յակոբ Պէնօհանեանի, եւ ծնողին՝ Յակոբ Քէհեայեանի։ [ngg src="galleries" ids="35" display="basic_thumbnail"...

21-22 Օգոստոս 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասը՝ նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, համախմբուեցան Քէպէգ նահանգի Maison de Spiritualité de Trinitaires վանքին մէջ, ուր գումարեցին իրենց տարեկան խոկառնումը, որուն նպատակն է հոգեպէս վերանորոգուիլ եւ վերալիցքաւորուած լծուիլ հովուական ու եկեղեցական առաքելութեան: Համախմբումի այս տարուան թեման կեդրոնացաւ...

Կիրակի, 20 Օգոստոս 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բոլոր Եկեղեցիներէն ներս ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ Կոնդակը, նուիրուած՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ Կոնդակը։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը...

Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Նախագահեց, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ 40-ամեակին առիթով, կազմակերպուած համերգին։ «Ազնաւորեան», «Բարիքեան» եւ Սարկաւագաց դպրաց դասերը կոկիկ յայտագիրով մը ներշնչեցին ներկաները։ Աւարտին, Առաջնոր Սրբազան Հայրը իր սրտի...

Երեքշաբթի, 8 Օգոստոս 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Քէպէգի Խորհրդարանի Անդամ՝ Տիկին Սոնա Լախոյեան-Օլիվիէն։ Ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Քէպէգ Նահանգին հետ առընչուած նոր օրէնքներու մասին, ինչպէս նաեւ Հայ...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us