Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝  Գերշ․ Տ․ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Տեառնընդառաջի նախատօնակը։   Անդաստանի արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը։   Տեառնընդառաջը տօնն է Յիսուս Քրիստոսի ընծայման  Տաճարին։ Նոյն օրինակով հոգեւոր հայրերը երեխաներուն եւ փոքրերուն ընդունեցին ու Ս․ Խորանին...

Հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ համախորհուրդ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, 2019-ին հաստատուեցաւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման։   Կիրակի, 11 Փետրուար, 2024-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Սուրբ Յակոբ...

7 Փետրուար 2024-ին, հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, բարեխնամ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, տեղի ունեցաւ «Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» դասընթացքի առաջին պահը՝ Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» դահլիճէն ներս։   Սոյն ծրագիրը նախատեսուած է երիտասարդութեան համար, որոնք կը հետաքրքրուին Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեամբ։ Դասընթացքը կը...

Նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝  Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցիէն ներս յիշատակուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաներու տօնը, մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն:   Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ղեւոնդեանց Քահանայից կատարած ինքնազոհողութեան, թէ ինչպէս անոնք իրենց հաւատքը՝...

Հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ համախորհուրդ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, 2019-ին հաստատուեցաւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման։   Կիրակի, 4 Փետրուար, 2024-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, տեղի ունեցաւ...

On Friday, February 2, 2024, His Eminence Archbishop Papken Tcharian met with Tyndale University President and Vice Chancellor Dr. Marjory Kerr, at the campus, in Toronto. Also, present at the meeting were Right Rev. Father Keghart Kosbakian, chairperson of Prelacy Religious Council, Rt. Rev. Father...

Չորեքշաբթի, 31 Յունուար 2024-ի երեկոյեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց այցելութիւնը Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի եւ Եկեղեցւոյ նորընտիր հոգաբարձական կազմին։   Այցելութեան ներկայ էր Ազգային Վարչութեան կազմը։   Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Հոգաբարձութեան նորընտիր կազմի...

Կիրակի, 28 Յունուար 2024-ին, Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին եւ համագործակցութեամբ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքդլական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին ու Կիրակնօրեայ Դպրոցին, տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրային միօրեայ ճամբար, Լաւալի համայնքի երեխաներուն համար։   Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ....

Կիրակի, 21 Յունուար 2024-ի երեկոյեան, Ղպտի Ուղղափառ Սուրբ Գէորգ եւ Սուրբ Յովսէփ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթք, կազմակերպութեամբ՝ Գանատայի միջ-եկեղեցական Կեդրոնին։   Սոյն աղօթքին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին ներկայացուց՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը։   Եկեղեցւոյ պետերն ու հայրերը դիմաւորուեցան Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Տ. Պուլոս Եպիսկոպոսին...

Գերապատիւ Տէր Վարդան Ծգ. Վրդ. Թաշճեանը, ներկայ գտնուեցաւ Թորոնթոյի Միսիսակա շրջանի, Ս. Շարպել եկեղեցի, աղօթակից եւ սգակից դառնալու Մարունիթ համայնքի հովիւ լուսահոգի Մոնսէնիոր Ճոզէֆ Սալամէի տան կարգին, սոյն եկեղեցիէն ներս, ներկայացնելով Գանատայի Թեմիս Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոսը, Հայր սուրբը  փոխանցեց Սրբազան հօր ցաւակցութիւնները եւ...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us