ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ՈՒԻՆԻՓԷԿԻ «Ս. ՎԱՐԴԱՆ» ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ

 

Կիրակի, 2 Օգոստոս 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ուինիփէկի Մորտըն (Morden) քաղաքի St. Jean the Evangelist Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց՝ ի սպաս Ուինիփէկի «Ս. Վարդան» Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքին։

 

Սուրբ Պատարագին Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին Սուրբ Խորանին սպասարկեց Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան։ Աղօթակից էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան եւ Ուինիփէկի «Ս. Վարդան» եկեղեցւոյ կապ՝ Պարոն Թորոս Պապիկեան։

 

Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Ամենակալ Աստուծոյ՝ Իր առատ օրհնութիւններուն համար, ապա ողջունեց Ուինիփէկի հայ համայնքը, յատկապէս Մորտընի շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած հայորդիները։

 

Ան նաեւ գնահատեց «Ս. Վարդան» եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պարոն Սարօ Պօղոսեանն ու Հոգաբարձութեան անդամները, որոնք տարիներէ ի վեր նուիրումով կը ծառայեն եւ կը կազմակերպեն հայ համայնքը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ եկեղեցւոյ Դպրաց Դասի անդամներուն՝ անոնց հաւատարմութեան եւ նուիրեալ ծառայութեան համար։

 

Քարոզի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ օրուան աւետարանական պատգամին, ապա կատարեց խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։

 

Սուրբ Պատարագի աւարտին հաւատացեալները առիթ ունեցան հանդիպելու եւ զրուցելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու անոր շքախումբին հետ՝ իրենց որդիական յարգանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր հայրական հոգածութեան համար։

 

Սուրբ Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ դաշտագնացութիւն, ուր հոգեւորականներն ու հաւատացեալները ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ։ Դաշտագնացութեան ընթացքին, ի նշան երախտագիտութեան, Ուինիփէկի «Ս. Վարդան» Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքին կողմէ յուշանուէր խաչքարեր նուիրուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Հայր Յակոբին։ Նուիրուած խաչքարերը պատրաստուած էին Մորտընաբնակ վարպետ Հայկազի ձեռամբ։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ