Ս. ԳՐԱՅԻՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ՃԱՄԲԱՐ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Կիրակի, 3 Մարտ 2024-ին, Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին եւ համագործակցութեամբ Ս. Յակոբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին ու Կիրակնօրեայ Դպրոցին, տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրային միօրեայ ճամբար, Մոնթրէալի համայնքի երեխաներուն համար։

 

Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան կատարեց ճամբարի բացումը եւ բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ներկայացուց օրուան աշխատանքներու ծրագիրը, որ նուիրուած էր «Ինչպէս երկինքի մէջ, նոյնպէս երկրի վրայ» թեմային։

 

Հայր Սուրբը անդրադարձաւ՝ Աստուծոյ տիեզերքի ստեղծագործումին, Անոր կամքը մեր կեանքին մէջ եւ Տէրունական աղօթքէն բղխող պատգամներուն մասին։

 

Սուրբ Գրային միօրեայ ճամբարի նպատակն է, քրիստոնեայ հայ երեխաներն ու պատանի-պարմանուհիները համախմբել, որպէսզի քրիստոնէական հաւատքով զօրանան, ձեռային աշխատանքներով կրօնական իրենց գիտելիքնրը զարգացնեն եւ քրիստոնէական առաքինութիւններով լիցքաւորուին։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us