28 Mar Ազգային Առաջնորդարանը Մեկնարկեց Նախամուսնական Խորհրդատուութեանց Ծրագիր
Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի օրհնութեամբ, Մարտ ամսուն, մեկնարկը տրուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանիս Նախամուսնական Խորհրդատուութիւններու ծրագրին, որուն նպատակն է՝ քրիստոնէական արժէքներով ու հոգեբանական խորհրդատուութիւններով հիմքը դնել հայ-քրիստոնեայ նորաստեղծ ընտանիքներու: Այս իմաստով, Ուրբաթ, 25 Մարտ 2022-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Թեմիս Հոգեւոր Հովիւներու մասնակցութեամբ...