Ուրախ ենք յայտնելու, որ հրամանաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ հրատարակութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Հայեցի Դաստիարակութեան բաժանմունքին, լոյս տեսաւ ՏԱՐՕՆ ԵՒ ՏԱԹԵՒԻԿ «ԱՂԱՒՆՈՅ ՎԱՆՔ» մանկապատանեկան պատմուածքի գրքոյկը: Սոյն գրքոյկին պատմութեան յղացումը կը պատկանի Վահագն Գարագաշեանին, ներշնչուած՝ Յովհաննէս Թումանեանի համանուն բանաստեղծութիւնէն,...

            Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կիրակի, 9  Յունուար 2022-ին, հովուական առաքելութեամբ մեկնեցաւ Ուինզըր, հանդիպումներ ունեցաւ «Սբ. Ստեփանոս» համայնքի զաւակներուն հետ, Ս. Պատարագ մատուցեց, Ջրօրհնէք կատարեց, յաւուր...

            Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի խնդրանքով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, Եկեղեցւոյ սարկաւագներէն՝ Բարեշնորհ Սարգիս Սարկաւագ Յովհաննէսեան արժանացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, առ հասարակ Հայ...

  «Այսօր մանկացեալ Փրկիչը կ’ուզէ մեր հոգիներու եւ սրտերու մսուրներուն մէջ խանձարուրով բնակիլ՝ Իր մեծ ու սքանչելի խորհուրդով։ Տեղ ունի՞նք…»   ՇԵՇՏԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ               Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հոգենորոգ տօնին առիթով, Հինգշաբթի, 6 Յունուար 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան...

            Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնի Ճրագալոյցին, Չորեքշաբթի, 5 Յունուար 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս  Չարեան Ս. Պատարագ մատուցեց Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներուն փոխանցելով Քրիստոսի Ծննդեան Աւետիսի պատգամն ու  ճրագալոյցի մշտավառ լոյսը:             Արդարեւ, Գէմպրիճի...

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի Պատգամը Ամանորի առթիւ: Թող որ 2022 տարին աշխարհի համար ըլլայ խաղաղութեան եւ մարդկութեան համար ողջամտութեան տարի:   Տեսանիւթ https://youtu.be/Zcjypk0P9MU...

Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի  Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը   եւ Թեմի բոլոր եկեղեցիները՝   Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի  Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցի  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցի  Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցի  Ս. Պօղոս Հայց. Առաքելական Եկեղեցի  Ս. Վարդան Հայց. Առաքելական Եկեղեցի Ս. Ստեփանոս...

            Գանատայի Հայոց Թեմը մեծ ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին, Առաջնորդարանիս Ազգային Վարչութեան անդամ ու բարերար Պրն. Նազար Չաթալեան 8,000 (ութը հազար) ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց իր հօր՝ հանգուցեալ Վրէժ Չաթալեանի յիշատակին, որ բաշխուեցաւ Արցախեան պատերազմին նահատակուած...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us