Շաբաթ, 14 Մայիս 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Գէմպրիճի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տիար Ժոզէֆ Փոլատեանին:             Տիար Փոլատեան այցելութեան նպատակն էր՝ արծաթեայ խաչով հնատիպ «Մաշտոց» մը նուիրել Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Թանգարանին:             Նշենք, որ սոյն «Մաշտոց»ը տպուած է 1886 թուականին, Երուսաղէմի Սրբոց...

            Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Խաչի Երեւման տօնին առիթով, Կիրակի, 15 Մայիս 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսապետեց Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ ներկաները լիցքաւորելով Ս. Խաչի զօրութեամբ:             Ս....

            Ուրբաթ, 13 եւ Շաբաթ, 14 Մայիս 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմը  Գէմպրիճի մէջ գումարեց իր 65/22-րդ Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Ազգային Երերեսփոխաններու մեծամասնութեան եւ ներկայութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան...

            Հրամանաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մեկենասութեամբ Տէր Եւ Տիկին Զարեհ Եւ Վիգի Պապիկեան ամոլին, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը վերահրատարակեց Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանի «Իմ Աղօթագիրքս» գրքոյկը, որ մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն, հայրապետներուն եւ աղօթասաց վարդապետներուն սրտի խորքերէն բղխած աղօթքներու...

           Ուրբաթ, 29 Ապրիլ 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը արուեստագէտ Եղիա Պէքմեզճեանի: Տիար Պէքմեզճեան Ազգային Առաջնորդարան կ'այցելէր՝ 1902 թուականի արտադրութեան մասնատուփ մը նուիրելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին, ի յիշատակ իր...

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի Կազմակերպութեամբ Հայեցի Դաստիարակութեան Բաժանմունքին   ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ Տարօն եւ Տաթեւիկ «ԱՂԱՒՆՈՅ ՎԱՆՔ» ԳիրքիՆ   Ուրբաթ, 27 Մայիս 2022-ին Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բասդրմաճեան» սրահ   Մուտքը ազատ...

  ​Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կիրակի, 18 Ապրիլ 2022-ին, Ս. Պատարագ մատուցեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Քրիստոսի յարութեան, փրկութեան ու նոր կեանքի աւետիսով ու յոյսով համակելով հաւատացեալներու...

«Այսօր հրեշտակք յերկնից իջեալ տան զաւետիս մարդկան, յարեաւ խաչելեալն եւ յարոյց զձեզ ընդ ինքեան»։ «Այսօր հրեշտակները երկնքէն իջնելով մարդկութեան կ՛աւետեն, որ յարութիւն առաւ խաչեալը եւ իր հետ յարութիւն տուաւ ձեզի»։ (ՇԱՐԱԿԱՆ) Շարականագիր վարդապետը Հրաշափառ Յարութեան աւետիսն է որ կը հնչեցնէ՝ Աւետիսը ուրախութեան եւ ցնծութեան… Աւետիսը Յաղթանակի ու Առաւել կեանքի… Աւետիսը Յոյսի ու...

  Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Արաջնորդարանը սրտի անհուն ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ Մոնթրէալաբնակ Ազգային Բարերար Տիկին Շաքէ Կէօնճեան $30,000 կը նուիրէ Ազգային Առաջնորդարանիս, Թեմիս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու նոր դասագիրքերու պատրաստութեան ծրագրին համար։ Ծրագիրը նկատի ունի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու 6-7, 8-9 եւ 10-11 տարեկան աշակերտներուն համար կրօնական, եկեղեցական եւ բարոյագիտական...

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի օրհնութեամբ, Մարտ ամսուն, մեկնարկը տրուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանիս Նախամուսնական Խորհրդատուութիւններու ծրագրին, որուն նպատակն է՝ քրիստոնէական արժէքներով ու հոգեբանական խորհրդատուութիւններով  հիմքը դնել հայ-քրիստոնեայ նորաստեղծ ընտանիքներու: Այս իմաստով, Ուրբաթ, 25 Մարտ 2022-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Թեմիս Հոգեւոր Հովիւներու մասնակցութեամբ...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us