ՄԻՕՐԵԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ Հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Քրիստոնէական եւ Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդները կազմակերպած են միօրեայ...

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅՄԱՅՐԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՄԷՋ

Sourp Asdvadsadsin«Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար։ Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի» (Ղկ. 1.30-32) Գալիլիայի Նազարէթ քաղաքին մէջ ապրող Մարիամ անունով կոյսի մը տրուած երկնառաք աւետալուրն էր այս աւետարանական համարահատուածը, փոխանցուած՝ Գաբրիէլ Հրեշտակապետին կողմէ։ Աւետիս մը, որ յեղաշրջեց համամարդկային պատմութեան ընթացքը, քաղաքական, ընկերային եւ բարոյական հասկացողութեամբ։ Ս. Կոյս Մարիամ կանանց մէջ դարձաւ առաջին յեղափոխը, երբ յաղթական ու բարձրաձայն ձայնով ըսաւ. «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր եւ ցնծասցէ հոգի իմ Աստուծով Փրկչաւ իմով»։ Ինք դարձաւ բոլոր մայրերուն Մայրը եւ տիկիներուն Տիկինը երբ մայրաբար իր արգանդին մէջ Մեսիան ընդունեց. «Դասք անմարմնոց հրեշտակաց քեզ երանեն ամենօրհնեալ Կոյս Մարիամ. որ զէակից Բանն որ ընդ Հօր կրեցեր ի քեզ անսերմնապէս», հակառակ իր երկրածին, տկար եւ հողանիւթ շինուածքին։ Աստուածածնայ արժէքը միայն Աստուածորդիին ծնունդ տալուն մէջ չէ որ կը տեսնենք, այլ նաեւ՝ մայրութեան, սրբութեան, մաքրութեան, անմեղութեան, գուրգուրանքին ու բարեխօսութեան մէջ։ Հայ եկեղեցւոյ վարդապետութեան, հաւատքին, հոգիին, ծէսին ու շարականին մէջ յատուկ ու մեծ տեղ կը գրաւէ Աստուածամօր ներկայութիւնը։ Մեր եկեղեցին կը հաւատայ Ս. Կոյս Մարիամի արագահաս բարեխօսութեան. ինչպէս կը յիշուի մեր աղօթքներէն մէկուն մէջ. «Եւ Վասն Սրբուհւոյ Աստուածածնին Բարեխօսութեանն, Տէր՛, Ընկալ զԱղաջանս Մեր եւ Կեցո զՄեզ»։ Երբ պահ մը խորհինք Աստուածածնայ մասին, մեր միտքին մէջ կը ծագի հետեւեալ հարցումը, թէ ինչո՞ւ Աստուած Մարիամը ընտրեց Աստուածորդին յղանալու ու ծնունդ տալու համար Բեթղէհէմի մէջ։ Ի՞նչ կ’ապացուցէ այս մէկը։

Կիրակի, 3 Օգոստոս, 2014-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ. Սրբ. Եպս. Բարիքեան, քարոզեց Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագը մատուցեց...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us