ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔ 2021 ՏԱՐՈՒԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ   Քրիստոնէական ջերմ սիրով ու հայրական օրհնութեամբ կ՚ողջունեմ ձեզ՝ սիրելի շրջանաւարտներ, Մանկազարտեզէն մինչեւ Նախակրթարան ու Երկրորդական, ինչպէս նաեւ համալսարանի՝ Պսակաւոր, Մագիստրոս կամ Տոքթորայի ուսանողներ: Առաջին հերթին, կ՚ուզեմ իմ գնահատանքս յայտնել բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք սրբազան առաքելութիւնը ունին կրթութիւն եւ գիտութիւն ջամբելու, իսկ հայ ուսուցչական դասը,...

​Շաբաթ, 8 Մայիս 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմը առցանց գումարեց իր 64/21-րդ Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանի, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ Ազգային Երերեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ...

 Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակին առիթով, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ծաղկեպսակներ զետեղեց Ազգային Առաջնորդարանի, Մոնթրէալի ու Լաւալի Հայոց  Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձաններուն դիմաց, իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր Սրբացեալ Նահատակներուն ու բարեխօսական աղօթքներով՝ վերանորոգեց անսակարկելի մեր...

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, ԲԱՐԵԽՕՍԱԿԱՆ ԿԱՐԳ, ի յիշատակ սրբոց նահատակացն, որք կատարեցան յընթացս Հայոց Ցեղասպանութեան՝ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց։ Ունկնդրենք նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը։ Դիտել այստեղ՝      ...

ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ  «Նորոգեցարուք նորոգութեամբ կենացս յարութեամբն Քրիստոսի Նոր ժողովուրդ»։ (Շարական)   Այս տողերով, շարականագիր վարդապետը կը հրաւիրէ մեզի, փառաւորելու Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնը։ Բայց մանաւանդ կը յորդորէ մեզի, նորոգուելու Քրիստոսի Յարութեան կեանքով, որպէս՝Քրիստոսի Նոր Ժողովուրդ։ Մարդկութիւնը Նոր Կեանք սկսաւ Յիսուս Քրիստոսով.  լսենք Անոր ջինջ ձայնը, որ դարերու խորքերէն...

Աւագ Երեքշաբթի, Տասը Կուսանաց, 30 Մարտ 2021 Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցի, Լաւալ Աւագ Հինգշաբթի, Ս. Պատարագ, Ոտնլուայ Եւ Խաւարման Գիշեր, 1 Ապրիլ 2021 Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի, Մոնթրէալ Աւագ Ուրբաթ, Կարգ Թաղման, 2 Ապրիլ 2021 Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցի, Թորոնթօ Ճրագալոյց Ս. Յարութեան, Շաբաթ, 3 Ապրիլ 2021 Ս. Նշան...

​Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին՝ Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Կիրակի, 28 Մարտ 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: ​Ս. Սեղանին սպասարկեց Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեան: Արարողութեան...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us