ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ՏՕՆՆ Է ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԵՐ ՍԵՓԱԿԱՆ ՍԻՐՏԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ՄՈՒՏՔԻՆ

​Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին՝ Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Կիրակի, 28 Մարտ 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ:
​Ս. Սեղանին սպասարկեց Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեան: Արարողութեան ներկայ էր Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Համբիկ Գարայեանը:
​Իր հոգեւոր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ օրուան աւետարանին ու խորհուրդին՝ երբ Յիսուս համեստ աւանակի մը վրայ նստած Երուսաղէմ մտաւ, իբրեւ հոգիներու Փրկիչ, ու ցնծութեամբ դիմաւորուեցաւ ժողովուրդին կողմէ: «Քրիստոս կ’ուզէ, որ Իրմէ սորվինք, ըլլալու հեզ, սրտով խոնարհ եւ հոգիով անմեղ՝ նման այն երեխաներուն, որոնք արժանի են ժառանգելու երկնքի արքայութիւնը: Եթէ կ’ուզենք մեր յոգնածութենէն եւ բեռնաւորուածութենէն ազատագրուիլ, պէտք է մեր ուսերուն վրայ վերցնենք Քրիստոսի լուծը` Խաչը: Այդ չի նշանակեր, որ մեր կեանքը դիւրին կեանքի կը վերածուի: Քրիստոսի հաւատացողին կեանքի ճանապարհը նեղ ու դժուար է` նման Խաչի ճանապարհին, որ կ’առաջնորդէ դէպի Գողգոթա, դէպի զոհողութիւն եւ նուիրում», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, եւ յորդորեց՝ «հաւատալ, ճանչնա՛լ եւ մօտենա՛լ Քրիստոսին, որպէսզի թեթեւնանք, ազատագրուինք ու մաքրուինք մեղքերէ, եւ ճշմարիտ հանգիստն ու խաղաղութիւնը գտնենք»:
​Նոյն օրը, երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Դռնբացէքի խորհրդաւոր արարողութիւնը եւ աւարտին փոխանցեց իր պատգամը, յիշեցնելով, որ այս արարողութիւնը կը խորհրդանշէ Յիսուսի երկրորդ գալուստը եւ փրկութեան դրան բացումը: Ան յորդորեց ներկաները, որպէսզի խնդրեն Աստուծմէ, որ Իր ողորմութեամբ բանայ մեր սիրտերուն ու հոգիներուն դուռները, մեզ արժանի ընէ ժառանգելու երկինքի արքայութիւնը, զոր պատրաստած է մեզի համար։


If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us