The Plenary meeting of the Central Religious Council of the Holy See of Cilicia began yesterday, Thursday, January 23, in Antelias, Lebanon, under the Presidency of His Holiness Catholicos Aram I. The 13-member committee is comprised of representatives of resident members of the Cilician Brotherhood...

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ 2 0 1 4

Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան եւ բացուող Նոր Տարուան խորհուրդով ու պատգամով օծուն այս օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ՝ մաղթելով երկնային բարիքներով լեցուն հարուստ ու երջանիկ օրեր։ Մեր նախաձեռնած աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարին կը ձօնենք մեր ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջականօրէն աղերս ունեցող արժէքի մը, երեւոյթի մը, մտահոգութեան մը կամ նպատակի մը, հրաւիրելով մեր ժողովուրդի զաւակները ամբողջ տարուան ընթացքին այդ մասին խորհրդածելու, անհատապէս թէ հաւաքաբար, ու մանաւանդ գործնական քայլերու դիմելու՝ ի խնդիր մեր ազգի առաւել ծաղկման, մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան ու մեր հայրենիքի հզօրացման։ Այս ակնկալութեամբ, 2013 տարին հռչակած էինք «Հայ Մօր Տարի»։ Մեր գաղութներէն ներս տեղի ունեցան բազմազան ձեռնարկներ ու վերաշեշտուեցաւ հայ մօր վիճակուած եզակի դերը, յատկապէս նոր մտահոգութիւններով, տագնապներով ու մարտահրաւէրներով լեցուն ներ-կայ ժամանակներուն։ Նկատի ունենալով հայ ընտանիքէն եւ ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքէն ներս տարեց սերունդին կատարած յոյժ կարեւոր դերը ու անոր նկատմամբ մեր ունեցած խոր սէրն ու բարձր յարգանքը, 2014 տարին կը հռչակենք՝ «ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»։

Գերապատիւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան կը նշանակուի Առաջնորդական Փոխանորդ Բարձր տնօրինութեամբ, Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ Ազգային Վարչութեան խառն ժողովին, Գերապատիւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան կը նշանակուի Առաջնորդական Փոխանորդ, Գանատայի Հայոց Թեմին: Հայր Մեղրիկ Վարդապետի Գանատայի մէջ ծառայութիւնը սկսած է 19 Դեկտեմբեր 2002-ին,...

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ  ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Նախագահութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ կազմակերպու-թեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ու Կանանց Խորհուրդին, Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցան «Հայ Ուսուցիչներու Գնահատման» երեկոյ՝ Ազգային Առաջնորդարանի Դահլիճէն ներս: Երեքշաբթի,...

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ, ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՕՐԵԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ Նախագահութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Վարչութեան, Շաբաթ, Նոյեմբեր 16, 2013-ին, Քինկսթընի մէջ գումարուեցաւ միօրեայ խորհրդաժողովը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, Գանատայի Հայոց Թեմի Հոգեւոր Հովիւներուն, Հոգաբարձութեանց, Երեսփոխաններուն եւ Ազգային Պատգամաւորներուն: Այս տարուան խորհրդաժողովի...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան՝ Հոգեշնորհ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան Հոգեւոր Առաքելութեամբ Ժամանեց Գանատա Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի հրաւէրով եւ տնօրինութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Նոյեմբեր 1-13, 2013-ին, Գանատա այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան, Հոգեշնորհ...

Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2013-ին, Լաւալահայ համայնքը ապրեցաւ պատմական գեղեցիկ օր մը, երբ տարիներու երկար ծրագրումէ ետք, տեղի ունեցաւ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հողօրհնէքի արարողութիւնը՝ նախագահութեամբ եւ ձեռամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ, Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի։ Եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը...

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՐԱՆԻ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ Նախագահութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ կազմակերպութեամբ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, 2013-ին, տեղի ունեցաւ տարեկան Դպրաց Դասերու համագումարը, Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ եւ մասնակցութեամբ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն։ Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի...

His Eminence, Archbishop Khajag Hagopian, Prelate, prays in honor of Remembrance Day, for all the men and women who served and continue to serve our country during times of war, conflict and peace. His Eminence emphasizes the importance of showing our gratitude for our rights and...

More than 150 people gathered for the Prelacy’s 8th annual Thanksgiving dinner, which was held under the Auspices of His Eminence, Archbishop Khajag Hagopian, Prelate, at the Montreal Armenian Community Centre’s Aharonian Hall on October 14, 2013. The traditional feast was organized by the...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us