Obituary Archpriest Armen Ishkhanian

ՀԱՆԳԻՍՏ

Գանատայի Հայոց Թեմը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ բազմավաստակ Պատուակալ Հովիւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ՝ Տ. Արմէն Աւ. Քհնյ. Իշխանեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 27 Նոյեմբեր 2015-ին։
Der Armen Ishkhanian
Վախճանեալին համար Սուրբ Պատարագ եւ Վերջին Օծում տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7.00-ին։ Թաղման կարգը Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 11.00-ին, Ս. Յակոբ Առաջնորդա-նիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Այս տխուր առիթով, Թեմիս Առաջնորդ՝ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան, Հոգեւորականաց Դասը եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներն ու Խորհուրդները, իրենց խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնեն վախճանեալ Տ. Արմէն Աւ. Քհնյ. Իշխանեանի Երեցկնոջ, զաւակներուն եւ հարազատներուն։

«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։

ԴԻՒԱՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us