Կիրակի, 7 Յունիս 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահեց Գէմպրիճի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։

 

Սուրբ Պատարագ մատուցեց, Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին, Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեանը եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը։

 

Սուրբ Պատարագի ընթացքին, կատարուեցաւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի կողմէ կազմակերպուած Սարկաւագներու վերաւորակաւորման եւ պատրաստութեան դասընթացքներու մասնակից սարկաւագներու եւ դպիրներու վկայագրերու բաշխումը։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանի եւ Բարեշնորհ Տարօն Սարկաւագ Հալլաճեանի աշախատանքը, ինչպէս նաեւ մասնակից սարկաւագներու եւ դպիրներու նախաձախնդրութիւնը։

 

Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը, բնաբան ունենալով. «Թագաւոր Երկնաւոր զԵկեղեցի Քո անշարժ պահեա եւ զերկրպագուս անուանդ Քում պահեա ի խաղաղութեան»։

 

«Այս օրերուն մեր Եկեղեցին տօնեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Ելն ի Վիրապ տօնը, իսկ անոր յաջորդող օրը՝ Սուրբ Էջմիածնի, այսինքն՝ Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տօնը։ Այս երկու տօները անբաժանելիօրէն կապուած են իրարու։

 

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը միայն մէկ անձ չէր, այլ ամբողջ ժողովուրդ մը վերածնող հոգեւոր առաջնորդ մը։ Ան մերժեց սուտն ու կուռքերը, ընդունեց ճշմարիտ Աստուծոյ Խօսքը եւ անոր համար կրեց չարչարանքներ, հալածանքներ ու տասնամեակներու բանտարկութիւն Խոր Վիրապի մութ խորքերուն մէջ։ Սակայն նոյն այդ մութ վիրապէն դուրս եկաւ որպէս լուսաբեր արեգակ՝ լուսաւորելու ամբողջ ազգ մը։

 

Լուսաւորչին ելքը Խոր Վիրապէն եղաւ ամբողջ հայ ժողովուրդի հոգեւոր վերածնունդին սկիզբը։ Իր քարոզութեամբ եւ սրբակեաց կեանքով ան առաջնորդեց մեր հայրերը դէպի Քրիստոսի լոյսը եւ հիմը դրաւ այն եկեղեցւոյ, որ դարեր շարունակ պիտի դառնար հայ ժողովուրդի հաւատքի, ինքնութեան եւ գոյատեւման ամուր վահանը», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։

 

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի