ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԵՏ

Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2022-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնին առիթով, Սուրբ Պատարագ մատուցանեց եւ քարոզեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդարնիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այս տօնական առիթով, Ազգային Առաջնորդարանի ազգային-մշակութային ծառայութեան «Անանիա Շիրակացի» շքանշանով պարգեւատրեց Տիար Յակոբ Սիմոնեանը իր  բազմամեայ անսակարկ ծառայութեան համար՝ Ս. Յակոբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կրթական օճախին։

 

Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց նաեւ նորակազմ Հոգաբարձութեան օրհնութիւն։ Իսկ Պատարագի աւարտին կատարեց մատաղօրհնէք։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us