Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւոր Հովիւներու Հոգեւոր Խորհրդածութիւններ, Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, Հոգեւոր Հովիւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ, Մոնթրէալ https://youtu.be/nbj6wYLNXiQ...

- Հոգաբարձութեան նոր կազմի անդամներու օրհնութիւն ​Կիրակի, 14 Մարտ 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսապետեց Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ աւարտին՝ օրհնեց Եկեղեցւոյս նորակազմ Հոգաբարձութեան անդամները: ​Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին՝ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ...

Հետեւի'նք Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի հովանաւորութեամբ եւ Թեմիս Հոգեւորականաց դասու մասնակցութեամբ «Խաղաղական» եւ «Հանգստեան» առցանց ժամերգութեանց եւ միասնաբար աղօթենք Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Հաւատով Խոստովանիմք» աղօթքը: https://youtu.be/D03VuJglZ60...

               Ուրբաթ, 5 Մարտ 2021-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու Առաջնորդները՝  Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան (Արեւելեան Թեմ) Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս  Չարեան (Գանատայի Հայոց Թեմ) եւ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան (Արեւմտեան Թեմ), առցանց հանդիպում մը ունեցան: Հանդիպումը առիթ...

  «Եթէ Ես աշխարհ եկած չըլլայի…» (Յհ 15.22)  Յովհաննու Աւետարանին մէջ կը կարդանք վերոյիշեալ բառերը, որոնք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շրթներէն արտասանուած բառերն են եւ մեզ կը հրաւիրեն մտածելու, թէ՝ ի՞նչ կը պատահէր, եթէ Ան չգար աշխարհ։ Ի՞նչ կը պատահէր եթէ Ան չծնէր Բեթղեհէմի մէջ։ Ի՞նչ կը...

Գանատայի Հայոց Թեմը, հաւատարիմ իր հայրենանուէր առաքելութեան ու կոչումին, Չորեքշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2020-ին, յատուկ պատուիրակութեամբ ժամանեց Երեւան, Հայաստան, մարդասիրական օժանդակութիւններ եւ կենցաղային իրեր բաժնելու համար տեղահանուած, նիւթական, բարոյական ու մարդկային տոյժեր կրած Արցախահայութեան, որոնք կեանքի այս հանգրուանին մնացին անպատսպար ու անհայրենիք։             Նշենք, որ սոյն օժանդակութիւնները...

Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, Քէպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինը կազմակերպած էր ցոյց-քայլարշաւ մը,  ի զօրակցութիւն Արցախի հայութեան եւ ի դատապարտումն Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան ու բռնարարքներուն: Ցոյցը, որ կը կրէր «FOR THE RECOGNITION OF THE REPUBLIC OF ARTSAKH» լոզունքը, տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Քաղաքապետարանին...

Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2020-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եղաւ Վանգուվըրի հայ համայնքին հետ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց, Թարգմանչաց վարդապետաց եւ Գոհաբանութեան տօնին առիթներով իր պատգամը փոխանցեց եւ աւարտին, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us