ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ՑՈՅՑԻՆ

Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, Քէպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինը կազմակերպած էր ցոյց-քայլարշաւ մը,  ի զօրակցութիւն Արցախի հայութեան եւ ի դատապարտումն Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան ու բռնարարքներուն: Ցոյցը, որ կը կրէր «FOR THE RECOGNITION OF THE REPUBLIC OF ARTSAKH» լոզունքը, տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Քաղաքապետարանին դիմաց:

Աւելի քան 1000 մասնակից ունեցող ցոյցին ներկայ էր Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանն ու ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ատենապետ՝ Պրն. Մհեր Գարագաշեան։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր ուղերձին մէջ դատապարտեց  ատրպէյճանական զինեալ յարձակումներն ու բռնութիւնները, եւ ամբողջական զորակցութիւն յայտնեց Հայաստանի ու Արցախի մեր հայրենակիցներուն եւ կոչ ուղղեց Գանատայի կառավարութեան ու միջազգային հանրութեան, որպէզի սատար կանգնին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան ու դատապարտեն թուրք-ատրպէյճանական բռնարարքները ու ճանչնան Արցախի Անկախութիւնը։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատաց կազմակերպիչներն ու երիտասարդները, որոնք հայրենասիրական ոգիով տոգորուած իրենց պարտգը կը կատարեն յանուն Հայաստանի ու Արցախի խաղաղութեան ու Արցախի միջազգային ճանաչումին, եւ յորդորեց միասնական ոգիով աշխատելու, ի խնդիր հայութեան գերագոյն շահերուն:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us