09 Apr ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԻԿԻՆ ՇԱՔԷ ԿԷՕՆՃԵԱՆ $30,000 ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Արաջնորդարանը սրտի անհուն ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ Մոնթրէալաբնակ Ազգային Բարերար Տիկին Շաքէ Կէօնճեան $30,000 կը նուիրէ Ազգային Առաջնորդարանիս, Թեմիս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու նոր դասագիրքերու պատրաստութեան ծրագրին համար։ Ծրագիրը նկատի ունի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու 6-7, 8-9 եւ 10-11 տարեկան աշակերտներուն համար կրօնական, եկեղեցական եւ բարոյագիտական...