ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԻ 26-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՈՒՄԸ

Ուրբաթ, 30 Յունիսին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ ՀՕՄ-ի 102-րդ

եւ Գանատայի շրջանի 26-րդ պատգամաւորական ժողովը, որուն բացումը կատարեց Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը։

Բացման աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը «Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքով յիշեց ՀՕՄ-ի բոլոր ննջեցեալները որոնք առ յաւետ բաժնուած են այս աշխարհէն։

Ապա, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը։

«Հայ Օգնութեան Միութիւնը սովորական միութիւն չէ եւ անոր ծառայութիւնը՝ սովորական ծառայութիւն չէ։ Հայ Օգնութեան Միութեան դար մը եւ աւելի ծառայութիւնը կը բխի մեր ժողովուրդի կարիքներու գոհացման այդ գեղեցիկ ճանապարհէն։ Այդ է, որ ՀՕՄ-ի ծառայութիւնը կ՚իմաստաւորէ ու կ՚արժեւորէ։ Դար մը եւ աւելի ՀՕՄ-ը ապրեցաւ, գոյատեւեց ու կը շարունակէ գոյատեւել։ ՀՕՄ-ը իր հայրենիքին, իր ազգին, իր ժողովուրդին եւ իր զաւակներուն համար կ՚ապրի։ Այս է ճշարիտ ծառայութիւնը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us