02 Jun ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ ՏԱՐՕՆ ԵՒ ՏԱԹԵՒԻԿ «ԱՂԱՒՆՈՅ ՎԱՆՔ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԻՆ
Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Հայեցի Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Ուրբաթ, 27 Մայիս 2022-ի երեկոյեան, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տարօն եւ Տաթեւիկ «ԱՂԱՒՆՈՅ ՎԱՆՔ» մանկապատանեկան գիրքի շնորհահանդէսը։ Նշենք, որ սոյն գրքոյկի պատմութեան յղացումը կը...