23 Dec Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւոր Հովիւներու Հոգեւոր Խորհրդածութիւններ
Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւոր Հովիւներու Հոգեւոր Խորհրդածութիւններ, Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւ. Քահանայ Միքայէլեան Դիտել Այստեղ ...
Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւոր Հովիւներու Հոգեւոր Խորհրդածութիւններ, Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւ. Քահանայ Միքայէլեան Դիտել Այստեղ ...
Նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, մասնակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեանի, եւ ատենապետութեամբ Տիկին Ծովիկ Թերզեանի, 17-18 Դեկտեմբեր 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը գումարեց լիագումար ժողովը, առիթ ընծայելով արծարծելու, արժեւորելու ու գնահատելու Ազգային Առաջնորդարանիս բազմաբովանդակ գործունէութիւնը...
Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը, Կիրակի, 19 Դեկտեմբեր 2021-ին, մեծ խանդավառութեամբ նշեց Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին ու Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնման Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, սուրբին վարքն ու մարտիրոսութիւնը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց,...
MONTREAL, QC (December 8, 2021) – The Armenian Prelacy of Canada is pleased to announce the names of three Youth Ambassadors who will help guide, and support the Prelacy in its ongoing commitment to reach and engage Armenian youth throughout Canada in meaningful ways. The inaugural...
Գանատայի Հայոց Թեմը ուրախութեամբ կը յայտնէ Ազգային Առաջնորդարանի երեք երիտասարդ դեսպաններու նշանակումները, որոնք պիտի օժանդակեն Առաջնորդարանիս յարատեւ զարգացող կարիքներուն, ապահովելու համար երիտասարդութեան հոսքը, ներգրաւուածութիւնն ու յանձնառութիւնը՝ Գանատայի ողջ տարածքին: Երիտասարդ դեսպաններու այս խումբը կը բաղկանայ 25-40 տարեկան, տարբեր մասնագիտութիւններու մէջ յառաջատար անձերէ, որոնք Հայց....
Շաբաթ, 28 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ներկայ գտնուեցաւ Հ.Օ.Մ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած Տոհմիկ օրուան, որ այս տարի ձօնուած էր Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի Հայ գաղութներուն: Երկօրեայ միջոցառումը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ:Միջոցառումը յագեցած էր դասախօսութիւններով,...
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Հինգշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աստղիկ Աբրահամեանի «Սեւ լեռները»՝ «Les montagnes noires» ֆրանսերէն վէպի շնորհահանդէսը, որ նուիրուած...
Աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, Լիբանանի մեր հայկական օճախը կ՚ապրի տագնապալի վիճակներ. երբեմնիինքնաբաւ ու բարօր գաղութը, այսօր մատնուած է մարդկային, տնտեսական, ընկերային ու առողջապահական ծանր ու անել դրութեան: Մեր ժողովուրդի զաւակները անձկագին ժամանակներ կ՚ապրին ու պէտք ունին մերհետեւողական օժանդակութեան։ Այսօր, օրհասական պահը տակաւին կը...
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը կը ներկայացնէ՝ «Մանկապատանեկան Աստուածաշունչը»։ Այս ամսուան Պատմութիւնը՝ «Բարի Սամարացիին Առակը»։ https://youtu.be/I_UnxTksWRo...
Լոյս տեսաւ ԳանատայիՀայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ՝ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՏԱՆ ՄԷՋ» կրօնական ամսաթերթի Դ. ՏԱՐԻ, Թիւ 12, Նոյեմբեր 2021 թիւը ...