Ուրբաթ, 20 Մարտ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց Վանգուվըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ԵկեղեցւոյԽաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւնները։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին՝ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեանը, Եկեղեցւոյ նախկին Հոգեւոր Հովիւ՝ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. ՎարդապետՇխրտմեանն ու Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը եւ ԱզգայինՎարչութեան Ատենապետուհի՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը։

 

Հոգեւոր հայրերուն, եկեղեցւոյ սարկաւագներուն ու ներկայ հաւատացեալներուն միասնական աղօթքը, Քրիստոսի ներկայութիւնը ապրեցնող ներանձնական հոգեզրոյցի պահ մը ստեղծեց բոլորին մէջ, նաեւԱռաջնորդ Սրբազան հօր մեծ պահքի իմաստին մասին փոխանձած հոգեւոր նորոգութեան պատգամը, առաւել ամրապնդեց ներկաներուն հոգեւոր ամէնօրեայ պայքարը, Աստուածային կամքը գերադասելուեւ կարեւորելու մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, ոչ միայն որպէս խօսք, ծէս, ու աղօթք այլ՝ որպէս գործ եւիսկական վերանորոգում մտածելակերպի ու ապրելակերպի։

 

Բարի եւ հեզասահ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ