Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին ի նպաստ՝ «Առաջնորդի Ընթրիք»ը, Շաբաթ, 1 Փետրուար 2020-ին, Թորոնթոյի «Հայ Կեդրոն»ին մէջ ի մի խմբեց Օնթարիոյի եկեղեցիներու հոգեւոր եւ աշխարհական ծառայողները, ազգային բարերարները,  Առաջնորդարանի բարեկամներն ու համայնքի մեծ ընտանիքը, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ...

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին ի նպաստ՝ «Առաջնորդի Ընթրիք»ը աւելի լաւ մեկնարկ չէր կրնար ունենալ, քան ինչ որ արձանագրուեցաւ Կիրակի 26 Յունուար 2020-ին, երբ Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Մեծն Մոնթրէալի եկեղեցիներուն հոգեւոր եւ աշխարհական ծառայողները, ազգային բարերարներն ու Առաջնորդարանին բարեկամները, Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ....

2019 տարուան մայրամուտին եւ 2020 տարին հազիւ բացուած,  Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը՝ հրամանաւ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, ի լոյս ընծայեց երեք հատորներ, որոնք ցայտուն վկաներն են Թեմիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ հաւատացեալներու հոգեւոր պապակի յագեցման աշխատանքներուն: Առաջինը, «Նոր Կտակարան Յիսուսի Քրիստոսի եւ Սաղմոսներ» արդի աշխարհաբար...

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան Ճրագալոյցին, Կիրակի, 5 Յունուար 2020-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեան այցելեց Ուինզըրի Ս. Ստեփանոս եկեղեցական համայնք եւ Ս. Պատարագ մատուցեց, որուն աւարտին, հաւատացեալները համակուեցան Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսով: Ս. Պատարագի աւարտին, հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ...

«ՔՐԻՍՏՈՍ Է ՃՇՄԱՐԻՏ, ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇՏՆՋԵՆԱԿԱՆ ԼՈՅՍԸ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ               Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հրաշափառ եւ հոգենորոգ տօնին առիթով, Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն, որուն ընթացքին ընթերցուեցաւ Գանատայի...

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը, Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ Եւ Անի Պասմաճեան» դահլիճին մէջ ունեցաւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բերկրալի ընդունելութիւն մը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս...

The Prelacy of the Armenian Apostolic Church in Canada ANNUAL APPEAL 2020 “LIVE WITH LOVE, GIVE WITH FAITH” Archbishop Papken Tcharian Your generous gift of any amount, helps support our mission. Our projects include the Youth Ministry, Christian Education, Armenian National Education, Children Bible Camp, Sunday School Teacher Training, publications, and more. Please get involved...

ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ «Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ» ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՄԷՋ         Ինչպէս գիտենք, 24 Մարտ 2019-ը Ուինզըրի հայութեան համար եղաւ պատմական ու անկիւնադարձային օր մը, երբ պաշտօնապէս հիմը դրուեցաւ ծխական նոր համայնքի մը, որ կոչուեցաւ «Ս. Ստեփանոս» եկեղեցական ծխական համայնք անունով: Արդարեւ, Կիրակի 8 Դեկտեմբեր 2019-ին, Գանատայի Հայոց...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us