ՄԻՕՐԵԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ Հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Քրիստոնէական եւ Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդները կազմակերպած էին միօրեայ սեմինար մը, նուիրուած՝ Կիրակնօրեայ, Շաբաթօրեայ եւ Ամէնօրեայ վարժարաններու դաստիարակներուն։ Սեմինարը տեղի ունեցաւ, Շաբաթ, Օգոստոս 30-ի առաւօտեան ժամը 9:30-15:30, Առաջնորդարանէն ներս։ Բարի գալուստի խօսքը...

ԼՈՒՐԵՐ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԷՆ ՕԳՈՍՏՈՍ 9, 2014_ Գանատայի Հայոց Թեմին Ազգային Վարչութեան ատենապետ, պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան եւ փոխ-ատենապետ՝ պրն. Յարութ Գասապեան, մասնակցեցան Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Մարմնի Քեպէքի եւ Օնթարիոյ յանձնախումբերու միացեալ ժողովին, Քինկսթընի մէջ։ ՕԳՈՍՏՈՍ 17, 2014_ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպկ. Բարիքեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց...

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Միջին Արեւելքը աղէտի մէջ է: Շրջանի քրիստոնէութեան գոյութիւնը կը գտնուի սպառնալիքին առջեւ արմատախլուելու: Ասիկա պատճառ է խիստ մտահոգութեան եւ մտատանջութեան: Սուրիոյ սոսկալի տագնապին վրայ եկած ու աւելցած է Իրաքի կացութիւնը: Ահա այս իրականութեան առջեւ, Գանատայի Միջին Արեւելեան եկեղեցիները, որոնք ցարդ չափազանց զգոյշ էին, որոշեցին միացեալ...

On Saturday, August 30, 2014, His Grace Bishop Meghrig Parikian, Prelate of Canada, made his first visit as Prelate to the Parish of St. Vartan Armenian Apostolic Church in Winnipeg, Manitoba. Saturday evening, a special dinner was held to honour Prelate Parikian’s visit to the community....

ՄԻՕՐԵԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ Հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Քրիստոնէական եւ Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդները կազմակերպած են միօրեայ սեմինար մը, նուիրուած՝ Կիրակնօրեայ, Շաբաթօրեայ եւ Ամէնօրեայ վարժարաններու դաստիարակներուն։ Սեմինարը տեղի պիտի ունենայ, Շաբաթ, Օգոստոս 30-ի առաւօտեան ժամը 9:30-15:30, Առաջնորդարանէն ներս։ Օրակարգը պիտի...

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅՄԱՅՐԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՄԷՋ

Sourp Asdvadsadsin«Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար։ Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի» (Ղկ. 1.30-32) Գալիլիայի Նազարէթ քաղաքին մէջ ապրող Մարիամ անունով կոյսի մը տրուած երկնառաք աւետալուրն էր այս աւետարանական համարահատուածը, փոխանցուած՝ Գաբրիէլ Հրեշտակապետին կողմէ։ Աւետիս մը, որ յեղաշրջեց համամարդկային պատմութեան ընթացքը, քաղաքական, ընկերային եւ բարոյական հասկացողութեամբ։ Ս. Կոյս Մարիամ կանանց մէջ դարձաւ առաջին յեղափոխը, երբ յաղթական ու բարձրաձայն ձայնով ըսաւ. «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր եւ ցնծասցէ հոգի իմ Աստուծով Փրկչաւ իմով»։ Ինք դարձաւ բոլոր մայրերուն Մայրը եւ տիկիներուն Տիկինը երբ մայրաբար իր արգանդին մէջ Մեսիան ընդունեց. «Դասք անմարմնոց հրեշտակաց քեզ երանեն ամենօրհնեալ Կոյս Մարիամ. որ զէակից Բանն որ ընդ Հօր կրեցեր ի քեզ անսերմնապէս», հակառակ իր երկրածին, տկար եւ հողանիւթ շինուածքին։ Աստուածածնայ արժէքը միայն Աստուածորդիին ծնունդ տալուն մէջ չէ որ կը տեսնենք, այլ նաեւ՝ մայրութեան, սրբութեան, մաքրութեան, անմեղութեան, գուրգուրանքին ու բարեխօսութեան մէջ։ Հայ եկեղեցւոյ վարդապետութեան, հաւատքին, հոգիին, ծէսին ու շարականին մէջ յատուկ ու մեծ տեղ կը գրաւէ Աստուածամօր ներկայութիւնը։ Մեր եկեղեցին կը հաւատայ Ս. Կոյս Մարիամի արագահաս բարեխօսութեան. ինչպէս կը յիշուի մեր աղօթքներէն մէկուն մէջ. «Եւ Վասն Սրբուհւոյ Աստուածածնին Բարեխօսութեանն, Տէր՛, Ընկալ զԱղաջանս Մեր եւ Կեցո զՄեզ»։ Երբ պահ մը խորհինք Աստուածածնայ մասին, մեր միտքին մէջ կը ծագի հետեւեալ հարցումը, թէ ինչո՞ւ Աստուած Մարիամը ընտրեց Աստուածորդին յղանալու ու ծնունդ տալու համար Բեթղէհէմի մէջ։ Ի՞նչ կ’ապացուցէ այս մէկը։

The Feast of the Assumption of the Holy Mother of God will be celebrated and traditional grape blessing ceremonies will take place across Armenian Prelacy of Canada churches following Divine Liturgy on Sunday, August 17, 2014. Bishop Meghrig Parkian will celebrate Divine Liturgy and deliver sermon...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us