Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Տեսակցեցաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Դեսպանին

IMG_2645 IMG_2658Ուրբաթ 10 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Թեմիս Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան ընկերակցութեամբ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեանի եւ Արժանապատիւ Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեանի եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեանի, տեսակցութիւն մը ունեցաւ Օթթաուայի մէջ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Նորին Վսեմութիւն Պրն. Արմէն Եգանեանի հետ։

Սոյն հանդիպումը առիթ դարձաւ միատեղ արծարծելու Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տեղւոյն Գանատահայ գաղութի մտահոգութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու իր պատուիրակութիւնը հիւրը եղան Դեսպանին ու անոր Ազնուամեծար Առաջին Տիկնոջ՝ Մարիա Եգանեանին։ Հրաւիրուած էին նաեւ տեղւոյն Հայ Օգնութեան Միութեան «Սեւան» մասնաճիւղի անդամուհիները։

His Grace Bishop Meghrig Parikian met with His Excellency Ambassador Armen Yeganian in Ottawa in the morning of Friday, October 10, 2014.

His Grace was the guest of the First Lady Maria Yaganian. The local Armenian Relief Society members also joined the luncheon at the Embassy.

IMG_2648 IMG_2657



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us