Archbishop Papken presides over Deacon Ivan Gyadayan’s calling to the Priesthood, Ordination as Reverend Father Hagop

Under the Auspices of His Eminence, Archbishop Papken Tcharian, Prelate of the Armenian Prelacy of Canada, Deacon Ivan Gyadayan, was first appointed to the priesthood and then ordained and consecrated as Father Hagop during two ritualistic ceremonies at the Sourp Hagop Armenian Apostolic Church in Montreal over the first weekend of December 2018.

 

The first ceremony, the calling to the priesthood of Deacon Gyadayan, whose Godfather is Mr. Krikor Der Ghazarian, took place at the end of the Evening Service on Saturday December 1, 2018. Archpriest Karnig Koyounian, presented Deacon Gyadayan from the foyer of the church, who in turn knelt and made his way to the chancel, towards Archbishop Tcharian. Deacon Gyadayan then proceeded to renounce all schisms, heresies, sects and vowed to follow the teachings of the Fathers and Leaders of the Armenian Orthodox Church and read the Armenian Apostolic Church’s Declaration of Faith.

 

His Eminence then proceeded with His sermon, where he reflected on the following words from Jesus Christ: “For my yoke is easy and my burden is light.” (Matthew 11:30) Turning to the devotee, Archbishop Papken emphasized that the mission of the clergy is not that easy if it’s not anchored in faith and incited him to remain loyal to the Christian doctrines, to the church’s holy rites and traditions, and to follow the teachings and path of our church’s sacred patriarchs, prior to ending the ceremony with a prayer.

 

On the following day, a memorable and important event in the history of the Canadian Prelacy took place during the rite of Divine Liturgy, and the Armenian Church gained a new pastor. Deacon Ivan Gyadayan approached the altar and after confirming his worthiness by renouncing all secular passions during the recital of “The Divine grace” prayer, he was ordained by His Eminence Archbishop Tcharian.

 

The Explanatory Rites followed and the newly appointed priest was presented with his mantle, chasuble and stole. His Eminence then anointed his hands and forehead and renamed him Reverend Father Hagop and invited him to give his first blessing by extending the chalice and paten.

 

His Eminence concluded the ceremony with a sermon on the meaning behind the prayers of the ordination service, and ended it by advising the newly appointed priest to remain firm on his faith and to complete his service to God with love and loyalty.

 

A reception was held in honour of the newly ordained priest at the Armenian Prelacy afterwards. Armenian Prelacy of Canada World Assembly Delegates, Executive Council and Canadian Armenian National Representatives Assembly members, as well as representatives from sister organizations and community members attended both ceremonies and reception.

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՐՇ. Տ. ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔ. ՉԱՐԵԱՆԻ ՁԵՌԱՄԲ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

ԵՒ ՕԾՈՒՄ

  • ԲԱՐԵՇՆՈՐՀ ԻՎԱՆ ՍՐԿ. ԳԵԱԴԱՅԵԱՆ ԿՈՉՈՒԵՑԱՒ Տ. ՅԱԿՈԲ ՔԱՀԱՆԱՅ

 

            Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 2018-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասու փաղանգին միացաւ նուիրեալ նոր զինուոր մը, Թեմիս տարեգրութեանց մէջ արձանագրելով յիշատակելի ու հանգրուանային օր մը: Արդարեւ, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագի ընթացքին քահանայ ձեռնադրեց եւ օծեց Բարեշնորհ Իվան Սրկ. Գեադայեանը, որ վերանուանուեցաւ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ:

            Նորընծայ քահանային խարտաւիլակն էր Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, իսկ կնքահայրը՝ Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան:

            Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Ազգային Վարչութեան, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամներն ու պատգամաւորները, ինչպէս նաեւ գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու ստուար բազմութիւն մը։

            Քահանայական ձեռնադրութեան ու օծման արարողութիւնը տեղի ունեցան Ս. Պատարագի ընթացքին, երբ ընծայեալը, խարտաւիլակ Քահանայ Հօր առաջնորդութեամբ խորան բարձրացաւ, եւ հաստատուելէ ետք թէ ան արժանի է այս կոչումին՝ Առաջնորդ Սրբազանը քահանայութեան հրաւիրեց զինք:

            Այնուհետեւ, «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» շարականի երգեցողութեամբ ընծայեալը հրաժարեցաւ աշխարհիկ բոլոր կիրքերէն: Առաջնորդ Սրբազանը իր ձեռքը հանգչեցնելով ընծայեալի գլխուն, աղօթեց ըսելով.- «Ես իմ ձեռքս կը դնեմ ասոր վրայ եւ դուք բոլորդ աղօթեցէք, որպէսզի արժանի ըլլայ քահանայական աստիճանին», որմէ ետք ուրարը ընծայեալի պարանոցին վրայ զետեղեց, իբրեւ նշան Քրիստոսի քաղցր լուծին:

            «Ողջոյն»էն առաջ, ընծայեալը ստացաւ քահանայական փիլոնը, սաղաւարտը, գօտին ու շուրջառը, ապա, «Խորհուրդ խորին» շարականի երգեցողութեամբ ան առաջին անգամ ըլլալով պատարագի զգեստով զգեստաւորուեցաւ: Առաջնորդ Սրբազանին շրթներէն հնչեց «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականը, իսկ «Ամէն ալէլուիա, ալէլուիա» շարականէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Միւռոնով օծեց նորընծայ քահանային ճակատն ու երկու ձեռքերը, զայն վերանուանելով Տէր Յակոբ Քահանայ, ապա, զայն հրաւիրեց տալու առաջին օրհնութիւնը։ Ձեռնադրիչ Սրբազանը վերջին աղօթքով, նորօծ Քահանային յանձնեց սկիհն ու մաղզմանը։

            «Ողջոյն տուք միմեանց» շարականի ընթացքին, ձեռնադրիչ Առաջնորդ Սրբազանը եւ հոգեւորականները առաջին ողջոյնը ստացան նորաօծ քահանայէն։

            Արարողութեան աւարտին իր պատգամը ուղղելով, Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ կերպով բացատրեց արարողութեան ընթացքին բարձրացուած աղօթքներուն իմաստն ու նպատակը, նշելով, որ օր մը առաջ կը զուգադիպէր Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը,  որոնք կը կոչուին Հայաստանի առաջին Լուսաւորիչները, որովհետեւ Քրիստոսի լոյս հաւատքը տարածեցին Հայաստանի մէջ, «իսկ քահանաներն ու հոգեւորականները Քրիստոսի առաքեալներու նոյն շառաւիղի նոր օղակներն են, որոնք կոչուած են նոյն առաքելութեան», շեշտեց ան:

            Իր խօսքը ուղղելով նորաօծ քահանային, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց  զայն, որպէսզի հոգեկան ամրութեամբ  Աստուծոյ խօսքերուն ու պատուիրաններուն սերմնացանը դառնայ, իր հաւատքին մէջ մնայ հաստատ ու Աստուծոյ հանդէպ ծառայութիւնը կատարէ սիրով ու հաւատարմութեամբ։

            Ս. Պատարագի աւարտին, կնքհահօր աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ նորընծայ Քահանայ Հօր լուացումի արարողութիւնը։

            Ս. Պատարագէն ետք, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ,  ի պատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեանին։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us