ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ✜  ✜   ✜ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ԼՐՈՒՄՆ ԺԱՄԱՆԱԿԻ «Եթէ Ես աշխարհ եկած չըլլայի…» (Յհ 15.22) Յովհաննու Աւետարանին մէջ կը կարդանք վերոյիշեալ բառերը, որոնք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շրթներէն արտասանուած բառերն են եւ մեզ կը հրաւիրեն մտածելու, թէ՝ ի՞նչ կը պատահէր, եթէ Ան չգար աշխարհ։ Ի՞նչ...

ՏՕՆ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻ Ամէն տարի Դեկտեմբեր ամսուն կը կատարենք յիշատակը առաքեալ եւ նախավկայ Քրիստոսի՝ Ս. Ստեփանոսի։ Անոր՝ որ Քրիստոսի սուրբ արեամբ մկրտուեցաւ որպէս նախասարկաւագ եւ առաջին վկայ Քրիստոսի։ Անոր՝ որ քարկոծումը յանձն առաւ եւ անմահներու բնակարանը փոխադրուեցաւ։ Անոր՝ որ մահուան մէջ անգամ իր փրկչին նմանեցաւ...

15289078_917441571723654_3551886842814895766_oԾառայութեան Տարուան նուիրուած գնահատանքի երեկոյ Մոնթրէալի մէջ

  Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, բարեխնամ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ծառայութեան Տարուան նուիրուած գնահատանքի երեկոյ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Սրբատառ Կոնդակով 2016 տարին հռչակեց «Ծառայութեան Տարի»։ Վեհափառ Հայրապետը հոն կը գրէ.- «Աշխարհի վրայ ապրող իւրաքանչիւր մարդ իր ինքնութիւնը ունի: Ինքնութիւն կ’ենթադրէ պատկանելիութիւն. պատկանելիութիւն կը նշանակէ հաւատար-մութիւն. իսկ հաւատարմութիւնը կը պահանջէ ծառայութիւն»:

«Հորիզոն»ի Դեկտեմբերի առաջին թիւով լոյս տեսաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Քրիստոնէութեան դաստիարակութեան խորհուրդի կրօնական նիւթեր պարփակող «Լուսաւորիչ եկեղեցին տան մէջ» յաւելուածը, որ յետ այսու պիտի հրատարակուի ամսական դրութեամբ։ Յաւելուածին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեան անդրադառնալով «Լուսաւորիչ»ի առաքելութեան կ՚ըսէ.  «Այս կրօնական ամսաթերթը իր իւրայատուկ դիմագիծով պիտի շօշափէ...

His Holiness Aram I proclaimed the year 2016 as "Year of Service". On this special occasion, His Eminence Archbishop Papken Tcharian acknowledged the volunteers who served for more than 20 years at St. Mary Armenian Apostolic Church, and the Armenian Relief Society, Homenetmen and Hamazkayin...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us