Youth Gathering 2014 at IAWAH Camp, Kingston

«Մեր Արմատները»

Յունիս 6-8, 2014 շաբաթավերջին, Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան երիտասարդական համախմբումը՝ կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական եւ Հայեցի Դաստիարակութեան խորհուրդներուն։

Հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպսկ. Բարիքեանի, աւելի քան 70 երիտասարդներ ի մի խմբուեցան եւ շաբաթավերջի ընթացքին ունկնդրեցին եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին «Մեր Արմատները» խորագրին նուիրուած դասախօսութիւններուն եւ ներկայացումներուն։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց երիտասարդները եւ ըսաւ. «մեր եկեղեցւոյ ծառայութինը ձեզի համար է՝ երիտասարդութիւն։ Մեր բոլորին առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ այն, որ մեր եկեղեցիէն դուրս գտնուող երիտասարդները ներս հրաւիրենք։ Դուք տէր պիտի ըլլաք մեր եկեղեցւոյ, որովհետեւ մենք հայ կը ծնինք եւ քրիստոնեայ կը մկրտուինք, հետեւաբար պէտք է մեր ճակտի միւռոնին տէրը եւ պաշտպանը դառնանք»։

Շաբաթավերջի դասախօսներն էին՝ Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան, Համադրիչ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, որ ներկայացուց «Մեղքը» եւ պրն. Վահագն Գարագաշեան, վարիչ-խմբագիր Հորիզոն Շաբաթաթերթին, որուն նիւթն էր «Իսլամացած Հայերը»։ Ներկայացումներ տեղի ունեցան հայկական աւանդութիւններու մասին, որոնց նիւթերը ներկայացուցին՝ Նորա Զոպեան, Բալիկ Լատոյեան, Հուրի Զոհրապեան, Արազ Պոյաճեան, Նարէ Նոխուտեան եւ Վահէ Շահինեան։ Երեկոյեան տեղի ունեցաւ բանավէճ՝ «Թշնամին ներել թէ ոչ» նիւթիւն շուրջ, որուն իրենց թեր եւ դէմ կարծիքները ներկայացուցին Թալին Պօղոսեան եւ Արմէն Կարապետեան եւ մասնակից երիտասարդները։

Կէսօրէ ետք երիտասարդները մասնակցեցան զանազան մարզական խաղերու եւ իրենց ազատ ժամերը անցուցին ընկերային ճոխ պահերով։

Օնթարիոյէն եւ Քէպէգէն ժամանած երիտասարդները Կիրակի առաւօտեան ներկայ գտնուեցան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին որ մատուցեց Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեանը։ Դպրաց Դասի երիտասարդ բոլոր դպիր-դպրուհիները իրենց հոգեպարար երգեցողութեամբ ներշնչեցին երիտասարդութիւնը։

Երիտասարդ մասնակիցները լեցուած շաբաթավերջի հայաշունչ խանդով եւ ամրապնդուած հոգենորոգ տարազով փակեցին այս տարուան սեմինար-համախմբումը։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us