Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կիրակի, 9 Յունուար 2022-ին, հովուական առաքելութեամբ մեկնեցաւ Ուինզըր, հանդիպումներ ունեցաւ «Սբ. Ստեփանոս» համայնքի զաւակներուն հետ, Ս. Պատարագ մատուցեց, Ջրօրհնէք կատարեց, յաւուր պատշաճի իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց, եւ յընթացս Ս. Պատարագի՝ հոգաբարձութեան կազմի օրհնութիւնը կատարեց:
Առաջնորդ Սրբազան հօր աղօթակից էին Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբեղայ Եագուպեանն ու Տիթրոյթի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ. Հրանդ Քահանայ Գէորգեանը: Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներէն ատենապետը՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանն ու շրջանի հետ կապը՝ Պրն. Նազար Չաթալեանը, ինչպէս նաեւ «Սբ. Ստեփանոս» համայնքի հոգաբարձութեան անդամներ ու հաւատացեալներ:
Իր հոգեւոր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդին վրայ, ընդգծելով, որ Աստուածորդւոյն աշխարհ առաքելութեան ամէնէն կարեւոր պատգամներէն մէկն է մարդուն վերանորոգումը, կեանքի վերանորոգումը եւ բարելաւումի ուղիին բացումը։ Ան նշեց, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ հին մարդը ազատագրելու, ուստի, կոչ ուղղեց հետեւելու սիրոյ, համեստութեան ու ծառայասիրութեան Աստուածորդւոյն օրինակին: Այնուհետեւ, Ան շնորհաւորեց համայնքի զաւակներուն Ամանորն ու Ս. Ծննդեան տօնը, գնահատանքի խօսք ուղղեց հոգաբարձութեան անդամներուն, դպրաց դասին եւ բոլոր յարակից մարմիններու անդամներուն, աղօթք բարձրացնելով, որ Աստուած օրհնէ բոլորին ծառայութիւնը եւ արդիւնաւէտ դարձնէ անոնց եկեղեցանուէր աշխատանքները:
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն: