Very Rev. Father Vartan Tashjian

ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ Տ. ՎԱՐԴԱՆ ԱԲՂ. ԹԱՇՃԵԱՆ
ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ
ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ԼԱՒԱԼ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի խնդրանքին, տնօրինած է, որ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեանը որոշ ժամանակով ստանձնէ Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հովութիւնը, նկատի ունենալով, որ տեղւոյն երկարամեայ եւ վաստակաւոր Հոգեւոր Հովիւը՝ Արժանապատիւ Տ. Հրայր Ա. Քհնյ. Նիկոլեանը մօտ ատենէն հանգստեան պիտի կոչուի:

Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ծնած է Լիբանան եւ մկրտուած է Մայք աւազանի անունով:

Ան իր նախնական ուսումը առած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան նախակրթարանէն, ապա յաճախած է Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը: Աւարտելէ ետք Ճեմարանի Միջնակարգը՝ Հոգեւոր ծառայութեան կոչումին անսալով անցած է Լիբանան եւ աշակերտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին: Աւարտած է Դպրեվանքի Ընծայարանի Հնգամեայ ընթացքը:

2010 թուին, ձեռամբ Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ Սրբ. Արք. Մարտիրոսեանի ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ եւ օծուելով ստացած է Տէր Վարդան Աբեղայութեան անունը:

Անցնող տարիներուն ի շարս այլ աշխատանքներու դասաւանդած է Դպրեվանքէն ներս եւ աւելի ուշ նշանակուած է Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի օգնական վարիչի:

Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին կը մաղթենք բարի գալուստ եւ արդիւնաւոր ծառայութիւն, իսկ Արժանապատիւ Տէր Հրայրին բարի երթ, քաջառողջ, արեւշատ եւ արդիւնալից տարիներ:

 ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us