THREE PRELATES OF U.S. AND CANADA ISSUE JOINT APPEAL FOR LEBANESE ARMENIANS

ՀՒՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԿՈՉԸ

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Ի ԽՆԴԻՐ

           

             

Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու Առաջնորդները՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան (Արեւելեան Թեմ), Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս  Չարեան (Գանատայի Հայոց Թեմ) եւ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան (Արեւմտեան Թեմ), կը հրաւիրեն իրենց համայնքի զաւակները, միահամուռ ջանքերով շարունակելու Լիբանանի հայութեան ի նպաստ օժանդակութեանց արշաւը:

Ի հետեւումն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի կոչին, հարկաւոր է նոր թափ տալ համայնական ջանքերուն, համօրէն սատար հանդիսանալու սփիւռքի սիրտն ու ոգին հանդիսացող Լիբանանահայութեան, որ տասնամեակներ շարունակ կենսատու աւիւն ջամբեց մեր բոլոր գաղութներուն։

Առ այդ, երեք Առաջնորդները յանուն Ազգային Իշխանութեանց իրենց պատրաստակամութիւնն ու անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելով լիբանանահայութեան վերականգնման համազգային ճիգերուն, կը յորդորեն Հիւսիսային Ամերիկայի մեր համայնքի բոլոր զաւակաները, որ միասնակամութեամբ եւ առաւել յանձնառութեամբ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, գործնական քայլերով բարոյապէս ու նիւթապէս նեցուկ կանգնին, եւ յոյսի շողերով լուսաւորեն Լիբանանահայ եղբայրներուն ու քոյրերուն, մանուկին ու տարեցին մթագնած հոգիները, յաղթահարելու ներկայի յամեցող աննկարագրելի տագնապը։ 

Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան

Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս  Չարեան

Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան

15 Սեպտեմբեր, 2021

 

 

THREE PRELATES OF U.S. AND CANADA ISSUE  

JOINT APPEAL FOR LEBANESE ARMENIANS 

 

The Prelates of the three Armenian Prelacies of North America, His Eminences Archbishop Anoushavan Tanielian, of the Eastern United States, and Archbishop Papken Tcharian, of the Prelacy of Canada, and His Grace Bishop Torkom Donoyan, of the Western United States, invite their communities to continue their concerted efforts in the noble campaign of assistance to the Armenians of Lebanon.    

In response to the appeal by His Holiness Catholicos Aram I, a new impulse for community efforts is required to succor the Lebanese Armenian community, the heart and soul of the Diaspora, which for decades has been a source of vitality and renewal for all our communities.   

The three Prelates express their readiness and unreserved support to the collective efforts to get the Lebanese Armenians back on their feet and urge every daughter and son of their respective communities to undertake practical steps to provide moral and material help, in unity and with renewed dedication, in the same way that they have done in the past. They will illuminate the darkened lives of our Lebanese Armenian brothers and sisters with a ray of hope to overcome the current indescribable crisis.     

His Eminence Archbishop Anoushavan Tanielian    

His Eminence Archbishop Papken Tcharian    

His Grace Bishop Torkom Donoyan     

September 15, 2021  



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us