Teachers Seminar August 30th, 2014

ՄԻՕՐԵԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

photo-2.JPGՀովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Քրիստոնէական եւ Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդները կազմակերպած էին միօրեայ սեմինար մը, նուիրուած՝ Կիրակնօրեայ, Շաբաթօրեայ եւ Ամէնօրեայ վարժարաններու դաստիարակներուն։

Սեմինարը տեղի ունեցաւ, Շաբաթ, Օգոստոս 30-ի առաւօտեան ժամը 9:30-15:30, Առաջնորդարանէն ներս։ Բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց Ազգային Վարչութեան Ատենադպիր պրն. Յակոբ Պուլկարեան, որմէ ետք սեմինարը սկսաւ տոքթ. Կարինէ Փափազեան-Զոհրապեանի դասախօսութեամբ, որուն նիւթն էր «Ի՞նչպէս զարգացնել հայկական դպրոց չյաճախող մանուկներուն ինքնութիւնը եւ խթանել զանոնք հայերէն սորվելու»: Տոքթ. Զոհրապեան հոգեբան եւ հոգեդարմանող է, անդամ Ordre de Psychologues du Quebec-ի եւ դասախօս Մոնթրէալի Համալսարանի հոգեմանկավարժական բաջանմունքէն ներս։

IMG_2549Կէսօրուան դադարէն անմիջապէս ետք, տեղի ունեցաւ երկու աշխատանոցներ, որոնք կեդրոնացան Կիրակնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ դպրոցներու դասատուներուն գիտելիքներ փոխանցելու եւ դիւրացնելու համար դասատուներուն նուիրեալ աշխատանքն ու ծառայութիւնը։ Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշխատանոցը վարեց տիկին Սոնիա Քիլէճեան- Աճէմեան, իսկ Շաբաթօրեայ դպրոցներունը՝ տիկին Սալբի Լատոյեան։

Սոյն Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գոծող կրթական հաստատութիւններու հայ դաստիարակները եւ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի կարգ մը խմբապետներ։ Նշենք, թէ նոյնանման սեմինար մը պիտի կրկնուի Նոյեմբեր 8-ին, Օնթարիոյ շրջանին համար։

IMG_2546



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us