Teachers Appreciation Day in Toronto

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳՆԱՀԱՏԵՑ
ՕՆԹԱՐԻՈՅԻ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի,  Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2016-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, տեղի ունեցաւ հայ ուսուցիչներու գնահատման երեկոյ, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ «Յովնանեան» սրահին մէջ։

Ձեռնարկի բացումը կատարեց, Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։ Հայր Սուրբին խօսքէն ետք, կատարուեցան 20 տարիներ եւ աւելի ծառայած հայ ուսոցիչներու գնահատագրերու տուչութիւնը. Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցիչներէն՝ Գեղամ Պայրագտարեան, Մարալ Տէրտէրեան եւ Էօժէնի Շէհիրեան արժանացան Թեմակալ Առաջնորդի գնահատարագրին։ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կազմէն՝ Յասմիկ Խրլաքեան, Յասմիկ Պապեան, Րիթա Թղլեան, Աշխէն Մալխասեան, Լենա Յակոբի, Սիւզի Մելիտոնեան, Սօսէ Տէրտէրեան, Տաթեւ Քէօշկէրեան, Սիլվա Փայլեան, Ցոլինէ Խառնուլեան, Այտա Ֆրանքեան եւ Զանի Մեսրոպեան։ Իսկ Գէյմպրիճի Հ.Օ.Մ.-ի Մեղրի մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ դպրոցէն՝ Ռոզան Աբգարեան։

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Մատիանա Թորոսեան, Քանոն, Իզապէլ Յակոբ, ասմունք եւ Դալար Ներսէսեան, երգ եւ դաշանամուր։

Գնահատագրերու բաշխման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը փոխանցեց եւ ըսաւ. «Հայ ուսուցիչը առաքեալ է, դաստիարակ է եւ ոգի ներշնջող տիպար օրինակ է, այդ պատճառով ալ կը գիտակցինք ձեր առաքելութեան վեհութեան եւ կը գնահատենք ձեր բոլորին նուիրումը»։ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր խօսքը փակելով ըսաւ թէ դուք նկարագիրներ կերտելու առաքելութեան մէջ կը հանդիսանաք նուիրեալներ ու մենք կը խոնարհինք ձեր ծառայութեան առջեւ։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us