Sunday school Seminar

Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Միօրեայ Սեմինար

Նուիրուած «Վերանորոգման Տարի»ին

Շաբաթ, 28 Հոկտեմբեր, 2017-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Յովնանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի կազմակերպած՝ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչաց միօրեայ սեմինարը, Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի մէջ գործող կիրակնօրեայ դպրոցներու  ուսուցիչներուն համար։ 

Բացումը աղօթքով կատարեց, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին։ Բացման խօսքը կատարեց, Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան, Վարիչ՝ Քրիսոտոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի։ Ապա ներկայացուց օրուան դասախօսը` Պրն. Արշաւիր Գաբուճեան, որ իր կարգին շինիչ եւ գործնական ձեւով ներկայացուց իր դասախօսական երկու նիւթերը. առաջին նիւթ` «Աստուածաշնչական Դրուագներու Ուսուցման Մեթոտաբանութիւնը», երկրորդ նիթ` «Յիսուսի Առակները՝ Այսօր»։

Աւարտին փակման խօսքը կատարեց Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ գնահատեց սեմինարի կազմակերպիչ յանձնախումբը եւ ներկաները. Սրբազան Հայրը ըսաւ.- «Վերանորոգումը եւ ինքնազարգացման գործընթացը շատ կենսական է եւ կարեւոր, որուն նպատակն է, պատրաստել վաղուան ճշմարիտ հայ քրիստոնեան»։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us